Որոնել

2024.11.23 Pescatori e partecipanti al Convegno promosso dalla Conferenza Episcopale Italiana sui Servizi Sanitari Nazionali in Europa

Հաստատ պահել ընտանեկան կապերը` դիմագրաւելու համար առօրեայի մարտահրաւէրները. Ֆրանչիսկոս Պապը ձկնորսներուն ու առողջապահական գործիչներուն

Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Իտալական տարբեր շրջաններէն ժամանած ձկնորսներ ու Եւրպայի մէջ ազգային առողջապահակն ծառայութիւններու Համընդհանրութեան և կայունութեան նուիրուած համաժողովին մասնակիցները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 23 նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Իտալական տարբեր շրջաններէն ժամանած ձկնորսներ ու Եւրպայի մէջ ազգային առողջապահակԱն ծառայութիւններու Համընդհանրութեան և կայունութեան նուիրուած համաժողովին մասնակիցները) ներկաներուն ուղղելով ճառ մը, որուն սկիզբը նախ խօսքը ուղղեց ձկնորսներուն, ընդգծելով անոնց աշխատանքին հնութիւնը, որ իր արմատները կը մխրճէ Եկեղեցւոյ վաղ օրերուն մէջ ապա մատնանշեց անոնց այսօր դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպիսիք են սերնդափոխութիւնը, աճող ծախսերը և բազմազգ մեծ ընկերութիւններու հետ մրցակցութիւնը։

Այս ծիրէն ներս Ան ընդգծեց հետևողականութեան, միասնութեան և համագործակցութեան կարևորութիւնը անձնակազմի անդամներուն միջև՝ ձկնորսութեան աշխատանքը համեմատելով Աւետարանի առաքեալներու առաքելութեան հետ:

 Ֆրանչիսկոս Պապին  հանդիպումը ձկնորսներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ձկնորսներուն հետ

«Ձերը քրտնաջան աշխատանք է, որ կը պահանջէ զոհաբերութիւն և համառութիւն՝ ըլլայ սովորական մարտահրաւէրներու, ըլլայ նոր հրատապ խնդիրներուն ի տես, ինչպիսիք են բարդ սերնդափոխութիւնը, ծախսերը, որոնք կը շարունակին աճիլ, խեղդող պաշտօնակալութիւնը, մեծ բազմազգ կազմակերպութիւններու ան բարեխիղճ մրցակցութիւնը: Այս մէկը սակայն ձեզ չի յուսահատեցնէր, ընդհակառակը կը սնուցէ ձեր մէկ յատկանիշը՝ միութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ ծովուն մէջ առանձին չենք նաւարկեր։ Ցանցերը նետելու համար անհրաժեշտ է աշխատիլ միասին՝ որպէս անձնակազմ, կամ աւելի լաւ՝ որպէս հասարակութիւն, որտեղ, հակառակ դերերու բազմազանութեան, աշխատանքին յաջողութիւնը կախուած է իւրաքանչիւրի ներդրումէն: Այսպիսով ձկնորսութիւնը կը դառնայ կեանքի դպրոց, այն աստիճան, որ Յիսուս եւս զայն օգտագործեց որպէս խորհրդանիշ՝ ցոյց տալու առաքեալներուն կոչումը. Եկէք եւ ձեզ մարդոց որսորդ պիտի ընեմ» (Մարկ. 1,17):

 Ֆրանչիսկոս Պապին  հանդիպումը  առողջապահական աշխարհի  գործիչներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը առողջապահական աշխարհի գործիչներուն հետ

Խօսքը ուղղելով ապա առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներուն՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հոգ տանելու կարեւորութիւնը անոնց` որոնք հոգ կը տանին միւսներուն, ընդգծելով, որ բուժաշխատողները նոյնպէս կարիքը ունին աջակցութեան և յարգանքի։ Այս առնչութեամբ Ան հրաւիրեց չանտեսել գործընկերներու փոխադարձ բարեկեցութիւնը և արժեւորել անոնց վեհանձնութիւնը։ Ապա կարեւորեց եւ շեշտեց բոլորին խնամք երաշխաւորելու հարկաւորութիւնը, յատկապէս անոնց` որոնք անտեսուած են ընկերութենէն, այս ուղղութեամբ յղում կատարելով այն սուրբերու գործունէութեան յիշատակին, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հիւանդներու խնամքին։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ ընտանիքին վրայ` որպէս հիմնական յենարան ձկնորսներու եւ առողջապահական գործիչներու աշխատանքին, քաջալերելով բոլոր ներկաները հաստատ պահելու ընտանեկան զօրեղ կապերը, որպէսզի կարենան դիմագրաւել առօրեայի մարտահրաւէրները։

Ան առ այդ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի աշխատանք, անոնց վրայ հայցելով Տիրամօր հովանին ու աղօթք խնդրելով իր անձին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2024, 11:23