Որոնել

Սրբազան Պապը քորէացի երիտասրադներուն հետ միասին Սրբազան Պապը քորէացի երիտասրադներուն հետ միասին  (Vatican Media)

Երիտասարդներն ալ կը յոգնին եթէ յոյս չունենան Տիրոջ մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը յիշեց այսօր յիշատակուող ԵՀՕ, կոչ ուղղեց ի նպաստ Միանմարի. Աղօթք խնդրեց խաղաղութեան համար, ողջունեց երկու նոր երանելիներ ու 2025ին սուրբերու շարքին դասուելիք երիտասարդ երկու սուրբեր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանելէ ետք կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն ողջոյնի խօսքը ուղղելէն առաջ իր մօտ կանչեց երկու քորէացի երիտասարդներ` որոնք առաւօտեան մասնակցած էին ԵՀՕ նուիրուած պատարագին բացատրելով թէ անոնք «այսօր առաւօտեան ստանձնեցին ԵՀՕ Խաչը զոր պիտի տանին Սէուլ, պատրաստելու համար Օրը» եւ ծափահարութիւններ խնդրեց քորէացիներու ու նաեւ փորթուկալցի երիտասարդներուն համար որոնք յանձնեցին Խաչը։

Նոր Երանելիներ

Քահանայապետը ապա յիշեց երէկ Պարսելոնայի մէջ Երանելի հռչակուած Cayetano Clausellas Ballvé քահանան ու Antonio Tort Reixachs աշխարհականը որոնք սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար 1936 թուականին իրենց հաւատքին համար, հրաւիրելով «գոհաբանութիւն մատուցել Աստուծոյ, այս երկու վկաներուն պարգեւին համար, տիպարները Քրիստոսի եւ Աւետարանին»։

Երիտասարդութեան Համաշխարհային  39րդ Օր

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ կիրակի օր տեղական եկեղեցիներուն մէջ յիշատակուող ԵՀ 39րդ Օրուան, որուն այս տարուած բնաբանն է «Անոնք, որոնք յոյս ունին Տիրոջ վրայ, կը քալեն առանց յոգնելու» (տես Ես 40.31): «Երիտասարդներն ալ կը յոգնին եթէ յոյս չունենան Տիրոջ մէջ» ըսաւ Քահանայապետը եւ ողջունեց Փորթուկալի եւ Հարաւային Քորէայի պատուիրակութիւնները, որոնց այս առաւօտեան կատարեցին «կտակին» յանձնումը դէպի Սէուլի 2027ի ԵհՕ» յարեց Սրբազան Պապը։

Երկու նոր երիտասարդ սուրբեր


Ան ապա ուզեց անգամ մը եւս յիշեցնել թէ ինք արդեն յայտարարած է որ յառաջիկայ տարւոյն Յոբելեանի ծիրէն ներս Սուրբ պետիս հռչակէ Քարլօ Աքութիսը` 27 ապրիլ 2025ին, Պատանիներու Յոբելեանին առիթով ու նաեւ միտք ունի Սուրբ հռչակել Երանելի Փիէր Ճորճօ Ֆրասսաթին` Երիտասարդներու Յոբելեանին առիթով, ընդունելէ ետք Կարդինալական դասին հաւանութիւնը։

Միանմարը

Սրբազան Պապը յիշեց հուսկ` թէ վաղը «Միանմարի մէջ կը նշուի ազգային տօնը, ի յիշատակ առաջին ուսանողական բողոքին, որ երկիրը տարաւ դէպի անկախութիւն, խաղաղ ու ժողովրդավարական շրջանի հեռանկարով, զոր այսօր կը դժուարի իրականացնել»։ Մ

Մօտիկութիւնս կը յայտնեմ համայն Միանմարի բնակչութեան յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին ընթացող բախումներու բերումով, ու մասնաւորէս աւելիով խոցելիները` մանուկներ, տարեցներ, հիւանդներ եւ գաղթականները որոնք շարքին Ռոհինճաները» ըսաւ Սրբազան Պապը սրտաբուխ կոչ ուղղելով բոլոր ներգրաւուած կողմերուն որպէսզի «լռեն զէնքերը ու արկ տրուի ներառող եւ անկեղծ երկխօսութեան մը որ կարող ըլլայ երաշխաւորել մնայուն խաղաղութիւն մը»։

Աղօթք վասն խաղաղութեան

Քահանայապետը ողջունեց հուսկ սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա հրաւիրեց շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար` մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի եւ Սուտանի համար, «Աղօթենք խաղաղութեան համար» կրկնեց Ան հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն ու մաղթելով բարի կիրակի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2024, 12:26