Խարիզմները Սուրբ Հոգիի պարգեւ. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը

Խարիզմները Սուրբ Հոգիին պարգեւներն են ոչ թէ անձնական շահի համար այլ որպէսզի դրուին բոլորի տրամադրութեան տակ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 20 նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ։

Նորին Սրբութիւնը այս առիթով շարունակելով խօսիլ Սուրբ Հոգիի մասին, այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգիի խարիզմներուն վրայ։

Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը բաժնելով սեփական պարգեւներ

«Վերջին երեք շաբաթներուն մենք խօսեցանք Սուրբ Հոգիի սրբացնող գործունէութեան մասին` որ կը կատարուի Խորհուրդներու եւ աղօթքի միջոցաւ ու հետեւելով Աստուածամօր օրինակին» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի «Lumen gentium» սահմանադրութեան, ուր գրուած է. «Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կը սրբացնէ, ոչ միայն խորհուրդներու միջոցաւ այլեւ իւրաքանչիւրին բաժնելով սեփական պարգեւներ ինչպէս իրեն կը հաճի»։

«Մենք ալ արդարեւ ունինք անձնական պարգեւներ զոր Սուրբ Հոգին պարգեւած է իւրաքանչիւրիս», ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով` որ «Ժամը հասած է խօսելու Սուրբ Հոգիին, այս երկրորդ գործելակերպի մասին` որ է Անոր Եկեղեցւոյ մէջ խարիզմադիկ գործողութիւնը», եւ ասկէ մեկնելով խօսեցաւ երկու տարրերու մասին` առաջինը Խարիզմը պարգեւուած է «յանուն ընդհանուր բարօրութեան»` ու հասարակութեան ծառայութեան` իսկ երկրորդը, խարիզմը պարգեւն է, որ տրուած է «մէկու» մը կամ յատուկօրէն «ոմանց», եւ ոչ թէ բոլորին նոյն ձեւով, եւ ահա այս է, որ զայն կը տարբերեցնէ սրբագործող շնորհքէն, աստուածաբանական առաքինութիւններէն և խորհուրդներէն, որոնք ընդհակառակը նոյնն են բոլորի համար» ըսաւ Քահանայապետը։

Խարիզմներու հարստութիւնը հասկնալը կ՛օգնէ արժեւորելու աշխարհականներուն դերը Եկեղեցւոյ մէջ

«Խարիզմները այն զարդարանքներն են` զոր Սուրբ Հոգին կը բաժնէ աւելի գեղեցիկ դարձնելու համար Քրիստոսին հարսը...» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ խարիզմներու հարստութիւնը հասկնալը կ՛օգնէ արժեւորելու աշխարհականներուն դերը Եկեղեցւոյ մէջ, «որովհետեւ աշխարհականները եւս ունին սեփական պարգեւներ եւ ըստ էութեան, անոնք հոգեւորականութեան արտաքին գործակիցներ կամ օժանդակ զօրքեր չեն, այլ ունին իրենց սեփական խարիզմներն ու շնորհքները, որոնցմով կը նպաստեն Եկեղեցւոյ առաքելութեան» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «խարիզմները տպաւորիչ ունակութիւններ չեն, այլ սովորական պարգեւներ, որոնք արժէք կը ստանան եթէ ներշնչուած ըլլան սուրբ հոգիին ու մարմնաւորուած կեանքի իրադարձութիւններուն մէջ, սիրով»։

Սէրը կը կրկնապատկէ խարիզմնեը

«Սէրը արդարեւ ըստ Սուրբ Պօղոսին «բոլոր ուղիներուն միջեւ լաւագոյնն է» (1 Կոր 12, 31): Անիկայ ինծի սիրել կու տայ Եկեղեցին, կամ հասարակութիւնը, որուն մէջ կ՛ապրիմ եւ միութեան մէջ բոլոր խարիզմները իմս են այնպէս ինչպէս իմ խարիզմները, եւ նոյնիսկ եթէ անոնք փոքր բան կը համարուին, անոնք բոլորին կը պատկանին ու բոլորի բարիքին համար են» բացատրեց Քահանայապետը Հաստատելով` որ սէրը կը կրկնապատկէ խարիզմնեը ու մէկու մը խարիզմը կը դարձնէ բոլորինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2024, 09:36

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >