Որոնել

2024.11.14 S.E. la Signora Mia Amor Mottley, Primo Ministro delle Barbados

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Պարպատոսի Վարչապետին

«Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցներու ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ Պարպատսի ու Սուրբ Աթոռի միջեւ բարի յարաբերութիւններուն համար ապա շեշտը դրուեցաւ կողմերը հետաքրքրող միասնական հարցերու վրայ ինչպիսին է` հասարակաց տան խնամքը ու կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Երկրին ու տարածաշրջանին ընկերաքաղաքական հարցերը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր 14 նոյեմբեր 2024, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին ունկնդրութիւն շնորհեց Պարպատոսի Վարչապետ` Տիկ. Միա Ամոր Մոթլէյին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար Գերապ. Միրոզլաւ Վաչովսքին» լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

«Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցներու ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ Պարպատսի ու Սուրբ Աթոռի միջեւ բարի յարաբերութիւններուն համար ապա շեշտը դրուեցաւ կողմերը հետաքրքրող միասնական հարցերու վրայ ինչպիսին է` հասարակաց տան խնամքը ու կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Երկրին ու տարածաշրջանին ընկերաքաղաքական հարցերը» գրուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ուր կը կարդանք նաեւ, թէ «Հանդիպումը վերջ գտաւ հաստատելով փոխադարձ յանձնառումը` խթանելու Պարպատոսի ժողովուրդին հասարակաց բարիքը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2024, 12:13