Որոնել

2024.11.09 Partecipanti al Simposio Universitario "Service-Learning e Patto Educativo Globale""

«Կրթութեան պարտականութիւնն է հոգ տանիլ մարդու սրտին». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Տրուած ըլլալով` որ չենք կարող աշխարհը փոխել եթէ չփոխենք կրթութիւնը», հարկաւոր է միասին խորհիլ այն ձեւերու մասին, որով կարող ենք ի գործ դնել այս փոփոխութիւնը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով «Uniservitate» ցանցի կողմէ տարածուած «service-learning» մանկավարժական մեթոտին, որ ակադեմիական ուսուցումը կը միացնէ սոցիալական ծառայութեան՝ շեշտը դնելով համայնքային պատասխանատուութեան վրայ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուսուցման ծառայութիւն և Համաշխարհային կրթական պայմանագիրը» խորագիրով համալսարանական «սիմփոզիոմ»ի մասնակցողները, այսօր շաբաթ 9 նոյեմբերի առաւօտեան առիթը ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, որ անոնց շնորհած յատուկ ունկնդրութեան առիթով պատգամ մը ուղղեց ներկաներուն, որուն սկիզբը կարեւորեց կրթութիւնը` յիշելով Սուրբ Պօղոս Զին խօսքերը, որով Ան Եկեղեցին որակած էր «մարդկայնութեան մասնագէտ»։

Կրթութիւնը պէտք է կեանքը փոխէ

«Գեղեցիկ և պահանջկոտ արտայայտութիւն, որ յանձնառում կը պահանջէ, որպէսզի զայն իրագործենք մեր կրթական գործին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը յղում կատարելով «Անցողիկ պահը» ֆիլմին, որուն մէջ կ՛ընդգծուի, թէ կրթութիւնը պէտք չէ սահմանուի միայն գիտելիքները փոխանցելու գործին այլ պէտք է փոխէ կեանքը ու խթանէ բարդ տեսլական մը` աշխարհի նկատմամբ։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը մատնանշեց Յիսուսին մանկավարժութեան, որ առակները կ՛օգտագործեր` որպէս ուսուցումի գործիք, որոնք կարողութիւնն ունէին ներգրաւելու ունկնդրողը։

Յիսուսին մանկավարժական մեթոտը

Արդարեւ «Յիսուսին նպատակն էր ապահովել, որ ունկնդիրը ոչ միայն մնայ պատգամին հասցէատէրը այլ անձամբ մաս կազմէ այդ պատգամին» ըսաւ Սրբազան Պապը քննադատելով համաշխարհայնացումի կողմէ պարտադրուած միաձեւութիւնը, որ կապուած քաղաքական և տնտեսական շահերու հետ, կրթութիւնը կը վերածէ գաղափարական պայմանաւորուածութիւններու գործիքի:

«Տրուած ըլլալով` որ չենք կարող աշխարհը փոխել եթէ չփոխենք կրթութիւնը», հարկաւոր է միասին խորհիլ այն ձեւերու մասին, որով կարող ենք ի գործ դնել այս փոփոխութիւնը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով «Uniservitate» ցանցի կողմէ տարածուած «service-learning» մանկավարժական մեթոտին, որ ակադեմիական ուսուցումը կը միացնէ սոցիալական ծառայութեան՝ շեշտը դնելով համայնքային պատասխանատուութեան վրայ։

Կաթողիկէ ըլլալը յանձնառում կը պահանջէ

Ան ապա հաստատեց` թէ «դպրոցի մը կամ համալսարանի համար կաթողիկէ ըլլալը չի նշանակեր լոկ պատուական ածական մը աւելցնել սեփական անունին, այլ կը նշանակէ յանձնառում` մշակելու բնորոշ մանկավարժական ոճ և Աւետարանի ուսմունքներուն համապատասխան ուսուցում», գործնականին մէջ կիրառելով կրթական ոճ մը, որ «կը նպաստէ եւ կը խթանէ դրական յարաբերութիւններ և հասարակաց բարիքը»:

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ հուսկ «կրթական գիւղի» մասին, վայր` որտեղ տարբեր ենթակաները կը միացնեն ուժերը՝ յանուն անձի ներդաշնակ աճի։

Կրթական դաշինք` ուղղուած խաղաղութեան, արդարութեան ու ժողովուրդներու միջեւ փոխհասկացողութեան 

«Դաշինքը, զոր ես ձեզ կը հրաւիրեմ զարգացնել, պէտք է ըլլայ խաղաղութիւն, արդարութիւն և բոլոր ժողովուրդներու միջև հիւրընկալութիւն արծարծող՝ ընդլայնելով շահաւէտ ազդեցութիւնը միշտ աւելի խիտ համագործակցութեան մը միջոցաւ: Ասիկա կը կարողանայ խթանել կրօններու միջև երկխօսութիւնը և հոգ տանիլ մեր հասարակաց տան» ըսաւ միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով որ «կրթութիւնը վերջ չի գտներ դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, այլ կը շարունակուի առօրեայ կեանքին մէջ»։

Հետաքրքրութեան մշակոյթը

Այս տեսութեան որպէս թիկունք Քահանայապետը առաջարկեց «Evangelii gaudium» առաքելական յորդորագիրէն քաղուած երկու սկզբունքներ` «իրականութիւնը կը գերազանցէ գաղափարը» և «ամբողջութիւնը կը գերազանցէ մասը», որոնցմէ մեկնելով շեշտը դրաւ կրթութեան մը վրայ` որ արմատացած ըլլայ շօշափելի գործնական փորձառութեան ու անհատի համապարփակ հոգատարութեան մէջ, զարգացնելով «հետաքրքրութեան մշակոյթ» մը` որ կը խթանէ հետազօտութիւնն ու հետախուզումը, ուսանողները մղելով շփումի մէջ ըլլալ զիրենք շրջապատող իրականութեան հետ «որպէսզի մեկնելով փորձառութենէն սորվին աշխարհը բարեփոխել` ոչ թէ սեփական շահի համար այլ ծառայութեան հոգիով»։

Թիկունգ կանգնիլ երիտասարդներուն ու դաստիարակել սիրտը

«Թիկունք կանգնինք երիտասարդներուն» կոչ ուղղեց ապա Քահանայապետը ընդգծելով` որ «կրթութիւնը միայն մտքով չէ, այլ նաեւ սրտով ու ձեռքերով։ «Պէտք է սորվինք մտածել այն բանի մասին, զոր կը լսենք ու կը գործենք, զգանք այն ինչ որ կ՛ընենք ու կը մտածենք, եւ ընենք այն ինչ` որ կը լեսենք ու կը մտածենք» ըսաւ Քահանայապետը, ճառին աւարտին շեշտը դնելով «սրտով խօսելու» հարկաւորութեան վրայ, որովհետեւ «միայն սիրտէն մեկնելով է` որ մեր հասարակութիւնները կարող կը դառնան տարբեր բանականութիւններն ու կամքը միացնել, ու զանոնք հաշտեցնել, որպէսզի Հոգն Սուրբ մեզ առաջնորդէ որպէս եղբայրներու ցանց մը», յարեց Սրբազան Պապը յղում կատարելով Dilexit nos առաքելական յորդորագիրին ու հաստատելով որ «դաստիարակին պարտականութիւնն է հոգ տանիլ մարդու սրտին»։

Ան առ այդ ճառը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի աշխատանք ու իր օրհնութիւնները շնորհելէն ետք աղօթք խնդրեց իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2024, 11:18