Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Կեանքի պաշտպանութիւնը թող ըլլայ «համապարփակ» պաշտպանել մարդիկը և ոչ թէ սկզբունքները

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կեանքի համար քահանայապետական Կաճարի կողմէ կազմակերպուած «Ընդհանուր բարիք. Տեսութիւն եւ գործադրութիւն» վերտառութեամբ համագումարի մասնակիցները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 14 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կեանքի համար քահանայապետական Կաճարի կողմէ կազմակերպուած «Ընդհանուր բարիք. Տեսութիւն եւ գործադրութիւն» վերտառութեամբ համագումարի մասնակիցները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց համագումարը բնորոշող երկու բանալի բառերուն վրայ.

Մարդկային կեանքի փրկութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ մարդկային կեանքի փրկութիւն պէտք է, որ զետեղուի ընկերային եւ մշակութային համապատկերէն ներս՝ խուսափելով գաղափարական մօտեցումներէն, որոնք կ՝անտեսեն գոյութենական տարբեր ծաւալները ու ընդհանուր բարիքն ու արդարութիւնը հիմնարար նշանակութիւն ունին կեանքի պաշտպանութեան համար, յատուկէն առաւել խոցելի անձերուն համար։

Համընդանուր եղբայրութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ կարեւոր է ձայն տալ կանանց եւ տարբեր մշակոյթներուն մարդկութեան, ապագային համար աւելի հարուստ մտորումներուն համար, համահունչ "Fratelli tutti"  համընդհանուր եղբայրութեան հայեցակարգին։

«Անդրադառնալով այս շրջաբերականին, կը փափաքիմ ընդգծել, որ համընդհանուր եղբայրութիւնը ձեւով մը ընդհանուր բարիքը հասկնալու անձնական ջերմ ձեւ է եւ ոչ թէ պարզապէս գաղափարական, քաղաքական եւ ընկերային նախագիծ, այլ դէպքերու, այլ դէմքերու, պատմութիւններու, մարդկանց հաղորդութիւն» նշեց Սրբազան հայրը
աւելցնելով, որ ընդհանուր բարիքը պէտք է ընկալուի որպէս ողջունելու եւ արդարութիւն փնտռելու գործադրութիւն, այլ ոչ թէ որպէս քաղաքական հասկացողութիւն ու անհրաժեշտ է մշակել տնտեսական տեսութիւններ, որոնք կը ցոլացնեն այդ արժէքը, ներառելու համար քաղաքական որոշումներուն մէջ, ինչպէս կարեւորուած է «Laudato Si» «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին մէջ։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2024, 17:30