Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահ, տիար Տէնիս Սասսու Ն՛ Կուսէսսոյին հետ հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 25 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Առաքելական պալատի դահլիճին մէջ ընդունեց Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահ, տիար Տէնիս Սասսու Ն՛ Կուսէսսօ։ Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն ենթաքարտուղար, գերպ Միրոսլօ Սնթանիսաւօ Վաչովսքիին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ հանդիպումները տեղի ունեցած են ջերմ մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին քննարկուած են Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի հանրապետութեան միջեւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները ու կեդրոնացած են Երկրի քաղաքական եւ ընկերային տնտեսական իրավիճակի կարգ մը երեւոյթներուն վրայ, մասնաւորապէս կրթական, առողջապահական եւ բնապահպանութեան խնամքի ծիրէս ներս տեղական եկեղեցւոյ համագործակցութիւնը։

Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ՝ կարեւորելով ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան եւ հաշտութեան խթանումը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2024, 11:23