Ֆրանչիսկոս Պապ. Նորընծայարանը բանտ չէ, այլ սորվելու եւ քահանայ դառնալու պատրաստութեան վայր է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 16 Նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փամբլոնա, Թուտելա, Սան Սէպասթիան եւ Ռետէմթորի Մաթեր թեմերու սպանացի նորընծաները ու անոնց փոխանցած պատգամին մէջ ընդգծեց քահանայական առաքելութեան կարեւորութիւնը՝ ընդունելու եւ աջակցելու բոլոր անոնք որոնք կը գտնուին մինակութեան եւ տառապանքի իրավիճակի մէջ ինչպէս բանտարկեալները։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց որ նորընծայարանը բանտ մը չէ, այլ սորվելու եւ քահանայ դառնալու պատրաստութեան վայր է՝ կենդանի Յիսուսի, Փրկչին պատկերը ունենալու պարտականութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց նորընծաները այցելելու բանտերը, ոչ միայն ֆիզիքական բանտերը, այլ գաղափարական եւ բարոյական բանտերը որոնք կը բանտարկեն անձերը այսօրուայ հասարակութեան մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց նորընծաները խիզախ ըլլալու եւ անխոնջ՝ բերելու աստուածային ողորմութիւնը, որ Տէրը այնքան առատաձեռն օրէն շնորհեց ձեր վրայ ձեզի ընտրելով այս խորհուրդին համար» ըսաւ Սրբազան հայրը
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ