Քաջութիւնը ունեցէք վկայելու յոյսը` որուն աւելի քան երբեք կարիքը ունինք այսօր. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 24 Նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած սուրբ զոհի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ ԵՀՕ խորհրդանիշերու յանձնման արարողութիւնը` Խաչը եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերը, զոր փորթուկալցի երիտասարդները յանձնեցին Քորէացի երիտասարդներուն, այսինքն այն վայրէն ժամանած երիտասարդները ուր տեղի ունեցաւ երիտասարդներուն վերջին համաշխարհային հաւատը` լիզպոնը, ու այն երիտասարդները` որոնց երկրին մէջ պիտի նշուի Հաւաքին յաջորդ փուլը 2027 թուականին` Սէուլ։
Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուայ թեմական օր
Արդարեւ Կիրակի 24 նոյեմբերին` Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը, կը նշուի տեղական թեմերու մակարդակով Երիտասարդներուն համաշխարհային օրը, որուն առիթով ժողովրդապետութիւններու ու եկեղեցիներուն մէջ կը կազմակերպուին երիտասարդները ներգրաւող հաւաքներ ու ձեռնարկներ որոնց նպատակն է համախմբել զանոնք եկեղեցական ու կրօնական գաղափարականներու շուրջ, միասին զրուցելու ու քննարկելու խնդրայարոյց հարցեր ու նաեւ զբօսանքի եւ զուարճութեան ժամանակ անցնելու։
Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքը երիտասարդներուն
Վերոնշեալ Սուրբ Պատարագի աւարտին Քահանայապետը յատուկէն ողջունեց Փորթուկալցի եւ Քորէացի երիտասարդները ակնարկելով ԵՀՕ խորհրդանիշերուն` Խաչը եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ուզեց որ շրջին համայն աշխարհին մէջ։
«Դուք սիրելի քորէացի երիտասարդներ Խաչը տանելով Ասիա բոլորին պիտի հռչակէք Քրիստոսին սէրը։ Քաջութիւնը ունեցէք վկայելու յոյսը` որուն աւելի քան երբեք կարիքը ունինք այսօր։ Այնտեղ ուրտեղէն պիտի անցնին այս խորհրդանիշերը թոր ծաղկի Աստուծոյ անյաղթ սիրոյ վստահութիւնը ու ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը մաղթելով, որ «Տիրոջ Խաչը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամին սրբապատկերը պատերազմի ու հակամարտութեան զոհ բոլոր երիտասարդներուն համար ըլլան աջակցութիւն եւ սփոփանք»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ