Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային 47րդ առաքելական ճամբորդութիւնը. Քահանայապետը ժամանեց Այաչչօ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Յիսուս կ՛անցնէր ու բարիք կը գործեր» այս կարգախօսով է` որ Կիրակի 15 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 47րդ առաքելական ճամբորդութիւնը որ զինք առաջնորդեց Ֆրանսական Քորսիքա կղզիի կեդրոնական քաղաք Այաչչօ, 12 ժամ տեւող այցելութեամբ, հանդիսանալով պատմութեան մէջ առաջին Քահանայապետը որ ոտք կը դնէ այդ կղզիին վրայ։
Սրբազան Պապը Վատիկանէն մեկնեցաւ առաւօտեան կանուխ ուղղուելով Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն զինք ու իրեն հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներն ու լրագրողներու խումբը փոխադրող «ԻԹԱ» ընկերութեան օդանաւը թռիչք առաւ ժամը ութի ժամանակները ուղղուելով դէպի Այաչչոյի «Նափոլէոն Պոնաբարթ» օդակայան։
Տնանկներու հետ հանդիպում
Նախ քան Վատիկանէն մեկնիլը Սրբազան Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց խումբ մը տնանկներ որոնք` Քահանայապետական ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքիի ընկերակցութեամբ եկած էին ողջունելու Սրբազան Պապը նախ քան անոր ճամբորդութիւնը։ Անոնք այն տնանկներն են, որոնք գիշերները ապաստան կը գտնեն Սուրբ Պետրոս հրապարակի կամարներուն տակ։
Իտալիոյ նախագահին ուղղած հեռագիրը
Թռիչքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը քաղաքավարական հեռագիր մը յղեց Իտալիոյ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելային` որուն մէջ յայտնեց թէ այս ճամբորդութիւնը առիթ է իրեն համար հրաւէր ուղղելու որպէսզի նկատի առնուի միջերկրականի վրայ գտնուող բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններուն կրօնական, գեղարուեստական ու մշակութային ժառանգութիւնը, որոնք հակառակ պատմական եղելութիւններուն պահպանեցին իրենց նախնիներէն իրենց փոխանցուած հոգեւոր ժառանգութիւնը»։
«Կը մաղթեմ որ այս իւրայատուկ ձեռնարկը կարողանայ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն հրահրէ վերաբացայայտելու համար իղձը դիմելու առողջ այբ արժէքներուն որոնք կերտեցին մարդիկ ու կիներ, որպէսզի կրօններու, քաղաքական իշխանութիւններու ու գիտական աշխարհին միջեւ պտղաբեր երկխօսութեան մէջ խթանուի սեփական արմատներուն յարգանքը, ազատութիւնը վկայելու հաւատքը ու ապագայի պատասխանատուութիւնը» գրեց միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը Նախագահ Մաթթարելլային ուղղած հեռագիրին մէջ Անոր ու համայն իտալացի ժողովուրդին մաղթելով ամէն բարիք։
Իր հետ ճամբորդող լրագողներուն ուղղած ողջոյնը
Գրեթէ 45 վայրկեան տեւած թռիչքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սովորութեան համաձայն ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագրողները անոնց մաղթելով բարի ճամբորդութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց մատուցած ծառայութեան համար։
«Այս ճամբորդութիւնը շատ կարճ է չենք կրնար մեր սովորական զրոյցը կատարել բայց ես ուզեցի գալ ու ձեզ ողջունել ու շնորհակալ ըլլալ ձեր աշխատանքին համար». ըսաւ Քահանայապետը։
Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Այաչչոյի «Նափոլէոն Պոնաբարթ» օդակայան ժամը 8,49ին։
Այաչչոյի մէջ Սրբազան Պապին միօրեայ այս այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ երեք կարեւոր միջոցառումներ որոնցմէ առաջինը Անոր մասնակցութիւնն է ժողովրդական բարեպաշտութեան նուիրուած համագումարի եզրափակիչ նիստին, ապա Անոր հանդիպումը տեղական կղերական դասին հետ, հուսկ կէսօրէն ետքը ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը։
Նախ քան Հռոմ վերադառնալը Սրբազան Պապը օդակայանին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ