«Սուրբ Ծնունդի տօնին հասնինք պատերազմի բոլոր ճակատներուն վրայ զինադադարով». Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին օրը ես յատուկէն մօտիկ եմ Նիքարակուայի ժողովուրդին։ Ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու Նիքարակուայի Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար, որ կը տօնախմբէ «Ամենաբիւրեղը», որպէս Մայր եւ Պաշտպան սրբուհի, եւ Անոր կը բարձրացնէ յոյսի ու հաւատքի աղաղակը։ Թող` որ Երկնային Մայրը անոնց համար ըլլայ մխիթարութիւն` դժուարութիւններու ու անորոշութիւններու մէջ եւ բանայ բոլորիլն սրտերը, որպէսզի միշտ փնտռուի յարգալից ու կառուցողական երկխօսութեան ուղին, խթանելու համար խաղաղութիւնը, եղբայրութիւնը ու Երկրին մէջ ներդաշնակութիւնը»։ Խօսքերն են ասոնք, որով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Կիրակի 8 դեկտեմբերին արտասանած Մարեմեան Աղօթքէն ետքը ուղղեց ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներուն, անոնցմէ խնդրելով նաեւ շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար։
Աղօթք խաղաղութեան համար
«Շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար. Մարտիրոս Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի ու այժմ Սուրիայի, Միանմարի, հարաւային Սուտանի ու բոլոր այն վայրերուն համար` ուր մարդիկ կը տառապին պատերազմի եւ բռնութիւններու պատճառաւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, կոչ ուղղելով Կառավարիչներուն ու Միջազգային հասարակութեան, որպէսզի «կարելի ըլլայ Սուրբ Ծնունդի տօնին հասնիլ պատերազմի բոլոր ճակատներուն վրայ զինադադար յայտարարելով»։
ԱՄՆի մէջ մահապատիժի դատապարտուած բանտարկեալներուն ի սպաս կոչ
Ան ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը հուսկ յատուկ աղօթք խնդրեց Միացեալ Նահանգներու մէջ մահապատիժի դատապարտուած բանտարկեալներուն համար, «որոնք կը գտնուին մահուան միջանցքին մէջ» ըսաւ Ան, հրաւիրելով «աղօթել որպէսզի անոնց դատավճիռը փոխուի»։
«Մտածենք մեր այդ եղբայրներուն ու քոյրերուն ու Տիրոջմէ հայցենք շնորհքը` որպէսզի զանոնք ազատէ մահուընէ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի այսօրուան «գրանցումի» արշաւին, անոր համակիրներուն մաղթելով «կազմաւորումի, ծառայութեան ու առաքելական յանձնառումի բարի ուղեւորութիւն», ապա ողջունեց Իտալիական տարբեր շրջաններու հասարակութիւնները, բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ժամադրութիւն տալով Սպանիայի հրապարակ, զոր ինք պիտի այցելէ յետմիջօրէին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ