Շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար. Քահանայապետին նորոգուած հրաւէրը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 4 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին տարբեր լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորները իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքէն ետքը Սրբազան Պապը նորոգեց իր կոնչ ու հրաւէրը աղօթելու խաղաղութեան համար։
«Խնդրեմ շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար, պատերազմը մարդկային պարտութիւն է։ Պատերազմը հարցերը չի լուծեր, պատերազմը վատ է, պատերազմը կը կործանէ։ Աղօթենք պատերազմի մէջ գտնուող Երկիրներուն համար, չմոռնանք մարտիրոս Ուքրանիան։ Չմոռնանք Պաղեստինը, Իսրայէլը, Միանմարը, բազմաթիւ են մահացած մանուկները, բազմաթիւ են մահացած անմեղները։ Աղօթենք որպէսզի Տէրը մեզի պարգեւէ խաղաղութիւնը։ Մշտապէս աղօթենք խաղաղութեան համար», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Յայտնենք` թէ ինչպէս նախօրօք յայտարարուած էր այսօրուընէ սկսեալ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններուն ընթացքին Քահանայապետին կողմէ արտասանուած ողջոյնի խօսքի զանազան լեզուներու շարքին ներառուեցաւ նաեւ Չինարէնը եւ խօսնակի չինարէն լեզուով խորհրդածութեան համառօտ ներկայացումէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. «Այսօր մեծ ուրախութեամբ, սկիզբ կու տանք, չինական լեզուով խորհրդածութիւններու համառօտութեան ընթերցումին։ Ասոր համար կը փափաքիմ իմ սիրալիր ողջոյնս ուղղել չինացիներուն, որոնք այստեղ ներկայ են ու անոնց, որոնք կը հետեւին հաղորդամիջոցներու միջոցաւ։ Ձեր բոլորի վրայ ու ձեր ընտանիքներուն վրայ կը հայցեմ ուրախութիւն ու խաղաղութիւն։ Աստուած ձեզ օրհնէ» յարեց Սրբազան Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ