Որոնել

2024.12.19 Benedizione Bambinelli 2024

22 դեկտեմբերին Յիսուս Մանուկ արձանիկներու օրհնութիւնը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ

Այս աւանդութիւնը սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով ու առաջին անգամ կատարուեցաւ 21 դեկտեմբեր 1969ին։ Այս տարուայ անոր բնաբանն է «Լոյսի Սիրտ մը». Յիսուս Մանուկ` որ պիտի ծնի տուներու հասարակութիւններու ու հաւատացեալներու սրտերուն մէջ կը ներկայացնէ լոյսը, որ կը ցոլայ եւ կը փառատէ վախն ու տառապանքը, իւրաքանչիւր մարդու սրտին նուիրելով վստահելի ողջագուրում մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով է` որ աւանդութիւն դարձաւ Յիսնակաց շրջանի երրորդ  կիրակի օրուան  առթիւ բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ յատկապէս մանուկներ՝ ժամանեն Սուրբ Պետրոս հրապարակ, իրենց ձեռքը բռնած Յիսուս Մանուկի արձանիկներ, որոնք կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին կ՛օրհնուին Քահանայապետի կողմէ, որպէսզի ապա զետեղուին տուներու, դպրոցներու եւ աշխտատեղիներու մսուրներուն մէջ։

Այս տարի եւս Յոբելենական տարուան սկիզբի նախօրէին աւանդութիւնը պիտի կրկնուի բայց քիչ մը ուշացումով որովհետեւ փոխան երրորդ կիրակիին պիտի կատարուի ամսուայ չորրորդ կիրակին` 22 դեկտեմբերի կէսօրին, ի տես նաեւ Քահանայապետին 15 դեկտեմբերին Քորսիքա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։

Ինչպէս նշեցինք այս աւանդութիւնը սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով ու առաջին անգամ կատարուեցաւ 21 դեկտեմբեր 1969ին։ Այս տարուայ անոր բնաբանն է «Լոյսի Սիրտ մը». Յիսուս Մանուկ` որ պիտի ծնի տուներու հասարակութիւններու ու հաւատացեալներու սրտերուն մէջ կը ներկայացնէ լոյսը, որ կը ցոլայ եւ կը փառատէ վախն ու տառապանքը, իւրաքանչիւր մարդու սրտին նուիրելով վստահելի ողջագուրում մը։

22 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխէն սկսեալ Սուրբ Պետրոս հրապարակը պիտի հիւրընկալէ Հռոմի ժողովրդապետութիւններու մանուկներն ու պատանիները, որոնք պիտի մասնակցին Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթիին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ մատուցած պատարագին, որմէ ետքը պիտի փոխադրուին հրապարակ մասնակցելու համար Մարեմեան Աղօթքին, որուն ընթացքին Քահանայապետը պիտի օրհնէ արձանիկները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2024, 09:31