Որոնել

Սիրաքուզային Սրբուհի Լուչիայի արձանը։ Սիրաքուզային Սրբուհի Լուչիայի արձանը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Սանթա Լուչիայի նուիրուած ծիսական տարուան առթիւ

Ֆրանչիսկոս Պապի նամակ մը գրեց Իտալիոյ Սիրաքուզա թեմի եպիսկոպոս, գերպ Ֆրանչէսքօ Լոմանթոյին, Սրբուհի Լուչիայի աճիւնները Սիրաքուզայէն դէպի Վենետիկ ժամանակաւոր փոխադրութեան կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը գրեց Իտալիոյ Սիրաքուզա թեմի եպիսկոպոս, գերպ Ֆրանչէսքօ Լոմանթոյիին, Սրբուհի Լուչիայի աճիւնները Սիրաքուզայէն դէպի Վենետիկ ժամանակաւոր փոխադրութեան կապակցութեամբ։

Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց, որ Սիրաքուզային եկեղեցին կը նշէ Լուչիանօ Տարին, ի պատիւ Սրբուհի Լուչիայի՝ կոյսին եւ Նահատակին, հասարակութեան յոյսի եւ լոյսի խորհրդանիշ։

Յիշելով ապա Յովհաննէն Աւետարանիչը Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Յովհաննէս Առաքեալը կը յիշեցնէ, որ Աստուած Լոյս է եւ կը հրաւիրէ քալելու ճշմարտութեան մէջ՝ վերանորոգելով ընտանեկան, եկեղեցական եւ ընկերային կապերը։

Քահանայապետը ապա անդրադառնալով Յոբելինական Սուրբ Տարուան, նշեց որ այս տարի, դեկտեմբերը ամիսը կը հարստանայ Յոյսի ուխտաւորներու յոբելենականով ինչպէս նաեւ Վենետիկէն դէպի Սիրաքուզա, Սրբուհի Լուչիայի աճիւններուն ժամանակաւոր փոխադրումով, որ հանդիպում մըն է երկու եկեղեցիներու միջեւ ու հրաւէր՝ պարգեւներուն փոխանակումի եւ խաւարը հաղորդութեան լոյսով յաղթահարելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ Սրբուհի Լուչիան կարեւոր կին գործիչ է, որ մեզի սորվեցնէ եկեղեցւոյ մէջ կանանց ներկայութեան արժէքին մասին, ընդգծելով անոնց ընկերութեան մէջ լոյս տանելու վկայութեան կարողութիւնը։

Սրբուհի Լուչիայի Սրբութիւնը մեզի կը հրաւիրէ ճանչնալու եւ արժեւորելու կանանց ներդրումը, որ հիմնարար է դուրս գացող եկեղեցւոյ ու ունակ է դիմագրաւելու միջերկրական ծովին անարդարութիւնները ու պատերազմները ինչպէս նաեւ փոխակերպելու մնացորդ մշակոյթը հանդիպումի մշակոյթի։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց նշելով, որ Լոյսի կողմէ ըլլալը կ՝ենթադրէ ընտրութիւն մը, որ կարող է ներառել զոհաբերութիւններ եւ նահատակութիւն, որ միշտ ակնյայտ չէ ։

Պէտք է ներ սերունդները կրթել թափանցիկութեան, լսելու եւ պատասխանատուութեան, մերժելով երկիմաստութիւնն ու մեղսակցութիւնը, նշեց Սրբազան Հայրը յորդորելով չմոռնալու աշխարհի մէջ բոլոր տառապողները,՝ գաղթականները, աղքատները ինչպէս նաեւ աղօթելու եւ հայցելու Սանթա Լուչիայի ու Արցունքներու Տիրամօր բարեխօսութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը նամակը աւարտեց շնորհելով Սիրաքուզայի հասարակութեան իր առաքելական օրհնութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2024, 10:52