Որոնել

2024.12.05 Membri della Caritas della Diocesi di Toledo

Բարեսիրութիւնը որպէս աւետարանումի գործիք․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետի պատգամը Սպանիոյ Թոլետօ քաղաքի Քարիթասի պատուիրակութեան՝ բարեսիրական հաստատութեան 60ամեայ յոբելեանի առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

5 Դեկտեմբեր 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ընդունեց Սպանիոյ Թոլետօ քաղաքի եկեղեցական թեմի Քարիթասի պատուիրակութեան անդամները՝ բարեսիրական հաստատութեան 60ամեայ յոբելեանի առիթով։

Բարեսիրութիւնը՝ ամէնքին հասկնալի լեզու

Անոնց բարեսիրական ծառայութեան անդրադառնալով՝ Պապը նախ երախտագիտութիւն յայտնեց, ապա ընդգծեց այդ յանձնառութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս հասարակութեան մէջ արդարութիւնը եւ եղբայրութիւնը խթանելու միջոց։

Այդպիսով «դուք նաեւ աւետարանումի գործիքներ էք», շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը՝ նկատել տալով, որ բարեսիրական գործերու լեզուն թարգմանութիւն չպահանջէր, այլ ընդհանրական է եւ հասկնալի ամէնքին։

Արթնցնել եղբայրական խիղճ

Անդրադառնալով ապա եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր կազմաւորման եւ սիւնհոդոսականութեան, Ան կարեւորեց եղբայրական խիղճ արթնցնելու եւ փոփոխուող ընկերային խնդիրները Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան լոյսի ներքոյ լուծելու անհրաժեշտութիւնը։

Մարտահրաւէրներուն դիմակայել իմաստութեամբ

Պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերեց մասնակիցները շարունակելու իրենց գործը եւ աշխարհի մարտահրաւէրներուն իմաստութեամբ դիմակայելու, «այն իմաստութեամբ, որու կարիքն ունի աշխարհն՝ հակազդելով «տպաւորիչ յիմարութեան»։

Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց պատգամը խնդրելով աղօթել իրեն համար՝ հայցելով Յիսուսին Օրհնութիւնը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ներկաներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2024, 11:11