Որոնել

2024.12.06 Docenti e Studenti dello Studio Teologico San Paolo di Catania

Աստուածաբանական կրթութիւնը ծառայեցնել աղքատներուն ու գաղթականներուն․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց «Սուրբ Պօղոս աստուածաբանական ուսումնասիրութիւն» ակադեմիական համայնքի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն․ Կառուցել սիրով եւ արդարութեամբ բնութագրուող հասարակութիւն։ Կարեւոր է, որ երիտասարդները յոյսով նային ապագային եւ աշխատին ընդհանուր բարօրութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

6 Դեկտեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ընդունեց իտալական Սիկիլիոյ շրջանի Քաթանիա քաղաքի «Սուրբ Պօղոս աստուածաբանական ուսումնասիրութիւն» ակադեմիական համայնքի ուսանողները եւ դասախօսները։

Լայն եւ խոր աստուածաբանական կրթութիւն տարբեր թեմերէն ներս

«Սուրբ Պօղոս աստուածաբանական ուսումնասիրութիւնը» Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովին առաջին պտուղներէն է, ըսաւ Պապը ներկաներուն ուղղած իր ճառին սկիզբը։ Հաստատութիւնը հիմնադրուած է 1969 թուականին, Արեւելեան Սիկիլիոյ թեմերու կողմէ եւ կ’առաջարկէ լայն եւ խոր աստուածաբանական կրթութիւն՝ Փալերմոյի աստուածաբանական բաժանմունքի հետ համատեղ: Ըստ Քահանայապետին Համագործակցութեան այս ձեւաչափը կը խրախուսէ միւս Եկեղեցիներուն եւս համագործակցելու՝ «ստեղծելով հաղորդութեան եւ աստուածաբանական խորհրդածութիւններու գիտաշխատանոցներ»:

Այս շրջագիծէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տուաւ, որ Եպիսկոպոսներու Սինոդի վերջին Սովորական Ժողովը յատուկէն ընդգծած է աստուածաբաններու եւ աստուածաբանական հաստատութիւններու ծառայութեան սինոտալ ծաւալը (Եզրափակիչ փաստաթուղթ, 67):

Աւետարանացում՝ իմաստութեամբ ընկալելով ժամանակի նշանները

Աստուածաբանական կրթութիւնը չանտեսեր տարածքը ուր կը գտնուի՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` որ այս ուղղութեամբ է` որ ուսանողները կը նախապատրաստուին աւետարանական նոր դրսեւորումներու՝ համաձայն ժամանակի նշաններու, որոնք պէտք են ընկալուիլ իմաստութեամբ, եւ ասկէ մեկնելով անդրադարձաւ անոնց ուսումնական հաստատութեան մէջ ուսանողուհիներու թիւի աւելացումին՝ «տարածքի մը մէջ ուր յաճախ կանանց ընկերային դերը արժեզրկուած եղած է», սակայն այսօր «ունին հովուական պատասխանատուութիւն եկեղեցական համայնքներէն ներս, ներգրաւուած են կրօնական եւ ակադեմիական ուսուցման մէջ»։

Սիկիլիոյ մարտահրաւէրները

Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա շրջանի մարտահրաւէրներուն՝ ընդգծելով, որ բնական եւ գեղարուեստական գեղեցկութիւններով հարուստ Սիկիլիան, վտանգուած է այնպիսի խնդիրներէն, ինչպիսիք են կաշառակերութիւնը եւ մաֆիան, որոնք կը խոչընդոտեն զարգացումը եւ կը մեծցնեն երիտասարդներուն արտագաղթը: «Բայց չմոռանանք, աւելցուց Պապը, որ Սիկիլիան սուրբ նահատակներ Ակաթայի եւ Լուչիայի հայրենիքն է, որոնք ամուր հաւատքի «սերմեր» էին, ունակ նորոգուելու եւ միշտ նոր վկաներ ծնելու»:

Եղէ՛ք յոյսի միսիոնարներ

Երիտասարդներուն դիմելով Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ կարեւոր է, որ յոյսով նային ապագային եւ աշխատին ընդհանուր բարօրութեան համար, որ զանոնք կոչուած են կառուցելու սիրով եւ արդարութեամբ բնութագրուող հասարակութիւն՝ աստուածաբանական կրթութիւնը ծառայեցնելով աղքատներուն ու գաղթականներուն ․ «Ձեր երկիր, որ միշտ ժողովուրդներու խաչմերուկ եղած է, շատ գաղթականներ կը ժամանեն, ․․․ ես ձեզի կոչ կ’ընեմ ըլլալ հիւրընկալ եւ ստեղծագործ եղբայրութեան մէջ: Եղէ՛ք յոյսի միսիոնարներ»։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետն ի վերջոյ անդրադարձաւ, Սուրբ Նիկողայոսի տօնին, որ կը տօնախմբուի այսօր՝ աւելցնելով, որ Արեւելքն ու Արեւմուտքը միաւորող այդ Սուրբը մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին, եւ, յղում կատարելով այդ կապակցութեամբ իր կոչին, հրաւիրեց «բոլոր եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական համայնքներուն՝ յառաջանալ տեսանելի միասնութեան ճանապարհով։

Աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապն օրհնեց ներկաները եւ խնդրեց աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2024, 12:24