Երբ Տէր Յիսուսի Սիրտը կը դպչի մեր սրտերուն կը միաւորուին իմացականութիւնն ու կամքը․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
16 Դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Համաշխարհային Մեթոտիսթական Խորհուրդի պատուիրակութեան անդամներուն՝ Խորհուրդի նորընտիր Նախագահի եւ Ընդհանուր Քարտուղարի գլխաւորութեամբ, որոնց իր ջերմ բարեմաղթանքները փոխանցեց այդ ծառայութիւնը սկսելու առթիւ։
Համբերութիւն մէկը միւսէն սորվելու եւ յարաբերուելու համար
«Երկար ատեն մեթոտիսթները եւ կաթողիկէները օտարացած եւ կասկածամիտ էին մէկը միւսի նկատմամբ: Այսօր, սակայն, կարող ենք շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ, քանի որ գրեթէ վաթսուն տարի միասին կը յառաջադիմենք գիտելիքի, փոխըմբռնման եւ փոխադարձ սիրոյ մէջ: Ասիկա կ’օգնէ մեզի խորացնել մեր միջեւ հաղորդակցութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ։
Երբ Տէր Յիսուսի Սիրտը կը դպչի մեր սրտերուն կը միաւորուին իմացականութիւնն ու կամքը, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս՝ նկատել տալով, որ այդ ի սրտէ բխող գործընթացը կը պահանջէ համբերութիւն եւ բաց ըլլալ՝ մէկը միւսէն սորվելու եւ յարաբերուելու համար։
Քալել տեսանելի միասնութեան ճանապարհով
Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700ամեակին, որ պիտի նշուի յաջորդ տարի՝ ընդգծելով, որ այս տարեդարձը կը յիշեցնէ նոյն կրօնը դաւանելու մասին, հետեւաբար եւ յոյսի նշաններ առաջարկելու միեւնոյն պատասխանատուութեան մասին, որ կը հրաւիրէ «բոլոր եկեղեցիները եւ եկեղեցական համայնքները՝ քալել տեսանելի միասնութեան ճանապարհով, (...) «Քանի որ բոլորս մէկ ենք» (Spes non confundit, 17), յարեց Նորին Սրբութիւնը:
«Միտքս կու գայ թէ ինչ կ’ըսէր մեծ Ցիցիուլասը», ըսաւ ապա Ան՝ շարունակելով․ «այդ մեծ ուղղափառ Եպիսկոպոսը, կ’ըսէր թէ գիտէր միասնութեան թուականը, որ այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ Վերջին Դատաստանին յաջորդ օրը։ Մինչ այդ սակայն պէտք է քալենք ինչպէս եղբայրներ, աղօթենք միասին, միասին բարեսիրութիւն կատարենք, միասին երկխօսութեան մէջ առաջանանք։ Մեծ էր այդ Ցիցիուլասը»։
Գործել կամուրջներ կառուցելու եւ բաժանումները յաղթահարելուն ի նպաստ
Պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս բարձր գնահատեց Համաշխարհային Մեթոտիսթական Խորհուրդի եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովիւներու ու աստուածաբաններու համագործակցութիւնը Միջազգային Խառն Յանձնաժողովի ծիրէն ներս՝ քաջալերելով շարունակել ուղիներ փնտռել կամուրջներ կառուցելու եւ բաժանումները յաղթահարելու նոյն յանձնառութեան ի նպաստ:
Ան ի վերջոյ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց ներկաներուն Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ