Բուժուիլ պարզեցումներէն եւ ընդունիլ աշխարհի բարդութիւնը․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Աստուածաբանութեան դերը տարբեր իրականութիւններէ ներս, միեւնոյն ժամանակ՝ գործողութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են աստուածաբանութեան՝ «փայլելու այնպէս, ինչպէս արժանի է, Եկեղեցւոյ մէջ եւ մշակոյթներէն ներս»։ Փոխկապակցուած եւ անհրաժեշտ յարաբերութիւն, որ առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետիnն՝ աստուածաբանութեան ապագային հայող համաժողովի մասնակիցներուն ուղղած պատգամին, զոր ընդունեց այսօր՝ 9 Դեկտեմբեր 2024ին։
Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան կազմակերպած «Աստուածաբանութեան ապագան» միջազգային համաժողովը կը կայանայ Հռոմի Լատերանեան Քահանայապետական Համալսարանի մէջ՝ Դեկտեմբեր 9ին եւ 10ին։
Աստուածաբանութիւնը լոյս է
«Նախ կ’ուզեմ ըսել, որ երբ կը խորհեմ աստուածաբանութեան մասին, միտքս կու գայ լոյսը», նշեց Ֆրանչիսկոս պապը պատգամին սկիզբը, ապա այդ երկուքի խոր կապի մէջ ընդգծեց, որ աստուածաբանութիւնը իրականութիւնը կը բացայայտէ լոյսի նմանութեամբ ՝ խոնարհաբար, առանց ինքզինք ի ցոյց դնելու, «Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանի լոյսը ծագեցնելու» համար։
Փնտռել եւ պահպանել Քրիստոսի բարեկամութիւնը
Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղեց հետեւաբար փնտռել եւ պահպանել Քրիստոսի բարեկամութիւնը՝ աշխարհի լոյսի հետ․ «Ողջ աստուածաբանութիւնը կը ծնի Քրիստոսի հետ բարեկամութիւնէն եւ Անոր՝ եղբայրներու, քոյրերու, իր այս աշխարհի նկատմամբ սէրէն, աշխարհ` որ միաժամանակ ողբերգական եւ հոյակապ է՝ լի ցաւով, բայց նաեւ յուզիչ գեղեցկութեամբ», յարեց Սրբազան Քահանայապետը։
Կնոջ դերը աստուածաբանութեան մէջ
Ներկաներուն Թագաւորաց Երկրորդ գիրգէն դրուագ մը (22, 14-20) ներկայացնելով Սրբազան Հայրը ընդգծեց աստուածաբանութեան ծիրէն ներս կանանց ներդրման կարեւորութիւնը՝ շեշտելով․ «Կան բաներ, որոնք կը հասկնան միայն կանայք, եւ աստուածաբանութիւնը կարիք ունի անոնց ներդրումին: «Միայն այր մարդոցմէ կազմուած աստուածաբանութիւնը կիսատ աստուածաբանութիւն է»:
Պարզեցումը կը խեղէ իրականութիւնը
Սրբազան Հայրը շարունակելով պատգամը նշեց, որ երբ մենք չենք կրնար կամ չենք ուզեր կրել բարդութեան ողբերգութիւնը, դիւրութեամբ հակուած ենք պարզեցնելու զայն: Պարզեցումը, սակայն, ըստ Պապի, կը խեղէ իրականութիւնը՝ ծնելով ամուլ մտքեր, բեւեռացումներ եւ մասնատումներ, հետեւաբար եւ գաղափարախօսութիւններ, որոնք կը կրկնուին մոլուցքային եւ գործիքային ձեւով: Ուստի պէտք է բուժուիլ պարզեցումներէն եւ ընդունիլ աշխարհի բարդութիւնը։
Աստուածաբանութեան եւ գիտելիքի այլ ոլորտներու միջեւ համագործակցութիւնը
«Պարզեցման հակաթոյնը նշուած է Veritatis gaudium Առաքելական Սահմանադրութեան մէջ», ուր կ’ընդգծուի միջառարկայականութեան կարեւորութեամբ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ համեմատեց աստուածաբանութեան եւ գիտելիքի այլ ոլորտներու միջեւ համագործակցութիւնը մարմնի զգայարաններու հետ, ուր՝ իւրաքանչիւրն ունի իր առանձնայատկութիւնը եւ բոլորը կարիքը ունին մէկը միւսին։ Պէտք է ուրեմն խրախուսել այդ համագործակցութիւնը՝ վերաիմաստաւորելու համար մեր մտածողութիւնը» եւ «օգնելու իւրաքանչիւրին ճշմարտութեան որոնումներու մէջ»։
Աստուածաբանութիւնը պէտք է հասանելի ըլլայ բոլորին
Վերջին շրջանին աշխարհի տարբեր ծայրերէն ներս նկատելի է միջին տարիքի մարդկանց համալսարանական կրթութիւնը շարունակելու ցանկութեան աճ, որուն հասարակութիւնը եւ Եկեղեցին պէտք է հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն, նշեց Քահանայանապետը եւ յատուկէն նկատել տուաւ, որ «միջին տարիքը կեանքի իւրայատուկ շրջան մըն է»՝ մէկ կողմէ որոշակի մասնագիտական կայունութեան եւ զգացմունքային ամրութեան, միւս կողմէ՝ շրջան է, երբ ձախողումները աւելի մեծ ցաւ կը պատճառեն՝ լքուածութեան զգացում եւ որոնումներ վերսկսելու կարիք առաջացնելով: Այդ որոնումներու մէջ աստուածաբանութիւնը պէտք է ըլլայ «ճամբորդական ուղեկից», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ կոչ ընելով աստուածաբանութիւնը հասանելի դարձնել բոլորին եւ յատկապէս մեծահասակներուն։
Աւարտին Ան խնդրեց Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութենէն որ զինք տեղեակ պահեն կատարուած աշխատանքի արդիւնքներու մասին, նախապէս շնորհակալութիւն յայտնելով եւ օրհնելով բոլորը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ