Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պաղեստինի Պետութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին, Վատիկանի առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պաղեստինի պետութեան նախագահ, տիար Մահմուտ Ապպասը, նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, անդրադարձ կատարուած է երկու կողմերու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններու, ընդգծելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարեւոր ներդրումը Պաղեստինեան հասարակութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ ստեղծուած լուրջ մարդասիրական աշխատանքներուն օգնելու մէջ, ուր կը մաղթուի որ շուտով հրադադար հաստատուի եւ պատանդներու ազատ արձակում կատարուի։
Կրկնելով ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերու դատապարտումը ընդգծուած է երկու Պետութիւններու միջեւ երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցաւ լուծման հասնելու կարեւորութիւնը, երաշխաւորելով որ յատուկ կարգավիճակով պահպանուած Երուսաղեմը կարողանայ միաստուածեան երեք մեծ կրօններուն հանդիպումի եւ բարեկամութեան վայր դառնայ
Ի վերջոյ մաղթանք յայտնուեցաւ, որ 2025 յոբելինական Տարին առիթ հանդիսանայ ուխտաւորներուն սուրբ երկրի վերադառնալու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ