Որոնել

Քրիստոս մեր ուրախութեան աղբիւրն է․ Ան կը քալէ մեր հետ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Աւարտին հասաւ Սրբազան Քահանայապետին՝ Քորսիքա միօրեայ այցելութիւնը։ Վերջին հանգրուանը Այաչչոյի «Place d’Austerlitz» հրապարակն էր, ուր Ան նախագահեց Սուրբ Պատարագը։ Այդ առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Պապը շեշտեց, որ «ժողովուրդներուն կեղեքող աւերածութիւններու դիմաց Եկեղեցին յայտարարած է աներկբայ յոյսի մասին, որ յուսախաբ չի թողուր» եւ որ խաղաղութեան եւ արդարութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը «անսպառ ուժ կը գտնէ Տիրոջ գալստեան մէջ»։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

15 Դեկտեմբերի 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քորսիքա կղզի այցելութեան վերջին հանգրուանը գլխաւոր քաղաք Այաչչոյի «Place d’Austerlitz» հրապարակը եղաւ, ուր Ան նախագահեց ճամբորդութիւնը եզրափակիչ Պատարագը 15 հազարի մօտ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Ինչպէս արդեն նշած էինք Սրբազան Պապի կղզի այցելութեան առիթը «La religiosité populaire en Méditerranée - Ժողովրդական կրօնականութիւնը Միջերկրական ծովին մէջ» համագումարի եզրափակումն էր, իսկ կարգախօսը. «Յիսուս կ՛անցնէր եւ բարիք կը գործեր» (Գործք Առաքելոց10․38)։

Սուրբ Պատարագին կանխեց ժողովրդական թափօր մը` որով հրապարակ բերուեցաւ Այյաչոյի պաշտպան սրբուհի «Մատոննուչչան» Սուրբ Կոյս Աստուածամօր արձանը որ տեղադրուեցաւ այս առիթով պատրաստուած խորանի կողքին ուր Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց սուրբ Գալստեան շրջանի երրորդ Կիրակիի սուրբ պատարագը։

Տիրոջ Գալուստը՝ կեանքը թարմացնելու, դէպի լաւը փոխելու ցանկութիւն

Սուրբ Պատարագի ատեն արտասանած իր քարոզին մէջ Քահանայապետը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած «Ի՞նչ ընենք» (3։10) բառերուն վրայ, որոնք մէջբերուեցան Սուրբ Գրային ընթերցումներու ժամանակ, եւ հրաւիրեց ուշադրութեամբ ականջ դնել ժողովուրդի կողմէ Յովհաննէս Մկրտիչին ուղղած այդ հարցադրումին, քանզի «կ’արտայայտէ կեանքը թարմացնելու, անիկա դէպի լաւը փոխելու ցանկութիւն», երկար սպասուած Մեսիայի Գալստեան պատրաստուելու ցանկութիւն։

Անոնք, որոնք հեռու են, կը մօտենան, երբ Քրիստոս կը մօտենայ մեզի«

Ֆրանչիսկոս ապա ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հանգամանքի վրայ, որ հարցադրումը ոչ թէ փարիսեցիները կամ օրէնսդիրները կը կատարեն, այլ՝ մաքսաւորներն ու զինուորները։ Ղուկաս Աւետարանիչը կը վկայէ, որ դարձի գալու ցանկութիւն կը յայտնեն ամենէ հեռաւորները, որոնք հանրային մեղաւորներ ճանչցուած էին (հմմտ․ Ղուկաս 3։12) եւ «անազնիւ ու դաժան կեանքէն կ’ուզեն նոր կեանքի անցնիլ», ըսաւ Սրբազան Հայրը՝ շեշտելով, որ «անոնք, որոնք հեռու են, կը մօտենան, երբ Քրիստոս կը մօտենայ մեզի»։

Տէրը խիղճեր կ’արթնցնէ, կը փրկէ եւ չդատապարտեր կորսուածները

Յովհաննէս Մկրտիչ անոնց կը պատասխանէ ուղղամիտ եւ ազնիւ ըլլալ։ Տէրը այդպիսով «խիղճեր կ’արթնցնէ» եւ «կը փրկէ եւ չդատապարտեր կորսուածները» նշեց Ֆրանչիսկոս եւ յորդորեց մենք ալ միեւնոյն հարցումը ուղղելու մենք մեզի «Ի՞նչ պէտք է ընենք» Գալստեան այս ժամանակաշրջանին՝ խորհրդածելով Մեսիային սպասելու երկու եղանակներու շուրջ՝ կասկածամիտ սպասում եւ ուրախ սպասում։

Առաջինը կը բնութագրուի անվստահութեամբ եւ անհանգստութեամբ, ուր կը գերակշռեն եսակեդրոն մտքերը եւ սպառողականութեան մոլուցքը, մինչ երկրորդը, որ կը յառաջանայ աղօթքէն եւ բարեպաշտութենէն, խոր ուրախութիւն կը պատճառէ, շեշտեց Քահանայապետը՝ յղում կատարելով Սուրբ Պօղոսի Փիլիպեցիներուն ուղղած թուղթին (Փիլ 4:6)։

Քրիստոնէական ուրախութիւն, որ պատրանքային մխիթարութիւն չէ

Խօսքը քրիստոնէական ուրախութեան մասին է, որ «Սուրբ Հոգւոյն պտուղն է Քրիստոս Փրկչի նկատմամբ։ «Պատրանքային մխիթարութիւն չէ, մոռնալու համար կեանքի տխրութիւնը», այլեւ՝ հաւատքի միջոցաւ, ան մեզ կ’ազատէ տխրութենէ եւ կը սպասէ Տիրոջ Գալստեան, որ փրկութիւն կը բերէ, ուստի եւ առիթ է ուրախութեան, յարեց Քահանայապետը հրաւիրելով չի հետեւելու մսխումի մշակոյթին եւ ուշադրութիւն դարձնելու անոնց` որոնք կարիքի մէջ են։ «Ան որ կը դիզէ եւ չի նուիրեր երբեք ուրախ պիտի չըլլայ» հաստատեց Սրբազան Պապը։

Վստահիլ Տիրոջ որ մեր մէջ է. Ան մեր մէջ է երբ մենք բարի գործեր կը կատարենք

«Վստահիլ Տիրոջ որ մեր մէջ է. Ան մեր մէջ է երբ մենք բարի գործեր կը կատարենք` երբ կը դաստիարակենք զաւակները երբ հոգ կը տանինք տարեցներուն» ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց «Ան մեր մէջ չէ եթէ մենք շատախօսութիւն ու զրպարտութիւն կատարենք»։

«Տիրոջ գալուստը մեզի փրկութիւն կը բերէ ու այս մէկը ուրախութեան պատճառ է» նշեց ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով այդ ուրախութեան հասնելու Առաքեալի առաջարկած արդիւնաւէտ դեղամիջոցին որ է՝ «խնդրանքները յայտնի դարձնել Աստուծոյ՝ աղօթքներով, աղաչանքներով եւ գոհութեամբ» (Փիլ 4:6)։ 

Խաղաղութիւնը՝ Գալստեան նշաններէն առաջինը

«Տիրոջ Գալուստը բոլոր ժողովուրդներու համար ապագայով լի տօն է» պնդեց այնուհետեւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց. «Յիսուսի ընկերակցութեամբ կը բացայայտենք ապրելու իսկական ուրախութիւնը եւ յոյսի նշաններ պարգեւելը, յոյս` որուն կը սպասէ աշխարհը»։

«Եւ մինչ կը պատրաստուինք զԱյն ընկալելու մեր հասարակութիւնները թող աճին բոլորին աջակցելու կարողութեամբ, յատկապէս երիտասարդներուն ու նաեւ տարեցներուն» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը Խաղաղութիւնը նկատելով Գալստեան նշաններէն առաջինը ու ասկէ մեկնելով դիտել տուաւ, թէ ինչպէս դժբախտաբար  աղքատութիւնը, պատերազմները, կաշառակերութիւնը, բռնութիւնը ցաւօք, այսօր ազգերու համար մեծ ցաւի պատճառներ են։

«Ձեզ կ’ուզեմ բան մը պատմել», ըսաւ Քահանայապետը՝ նախապէս պատրաստած պատգամը մէկ կողմ ձգելով, «երբեմն ունկնդրութիւններուն կը մասնակցին ուքրանացի մանուկներ, որոնք պատերազմի պատճառաւ հոս բերուած են։ Գիտէ՞ք, որ այդ մանուկները չեն ժպտար, մոռցած են ժպիտը։ Մտածենք խնդրում եմ պատերազմական տարածքներու մէջ երեխաներու մասին, բազմաթիւ երեխաներու ցաւի մասին»։

Եկեղեցին յայտարարած է աներկբայ յոյսի մասին․ ըլլալ այդ յոյսի վկաները

Ժողովուրդներուն կեղեքող այդ աւերածութիւններու դիմաց Եկեղեցին յայտարարած է աներկբայ յոյսի մասին, որ յուսախաբ չի թողուր, քանի որ Տէրը կու գայ ապրելու մեր մէջ՝ «Ան, որ եկաւ Էմմանուէլ է, Աստուած, որ մեզի հետ է, որ խաղաղութիւն կու տայ (հմմտ․ Ղուկաս 2.14)» եւ խաղաղութեան եւ արդարութեան նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը կը սնուի այս վստահութեամբ, «Անոր Գալստեան մէջ անսպառ ուժ կը գտնէ», ընդգծեց ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը։

Ան ի վերջոյ աւարտեց քարոզը հետեւեալ խօսքերով․ «Քրիստոս մեր ուրախութեան աղբիւրն է․, (…) Ան կը քալէ մեր հետ: (…) Այս ուրախութեամբ, այս համոզուածութեամբ, (…) մենք երջանիկ պիտի ըլլանք եւ պիտի երջանկացնենք ուրիշները: Այս պէտք է ըլլայ մեր վկայութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2024, 16:30