Որոնել

Աղօթենք` որպէսզի Յոբելեանը մեզ վերածէ քրիստոնէական յոյսի ուխտաւորներու

«Յոյսը խարիսխ մըն է։ Խարիսխ զոր դուն կը նետես պարանով որ կը մխրճուի աւազին մէջ։ Ու մենք պէտք կառչած մնանք յոյսի պարանին։ Զօրեղ կապուած» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը ու կը հրաւիրէ «զիրար օգնելու փոխադարձաբար բացայայտելու համար Քրիստոսի հետ հանդիպումը որ մեզի կեանք կը պարգեւէ» ու մենք մեզ դնելու ուղեւորութեան մէջ, որպէս յոյսի ուխտաւորներ, տօնախմբելու համար կեանքը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրատարակուեցաւ 2024ի դեկտեմբեր ամսուայ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան նուիրուած տեսերիզը, որ ամէն ամիս կը հրապարակուի «Քահանայապետի աղօթքի ցանց» Քահանայապետական հիմնարկի նախաձեռնութեամբ ու համագործակցութեամբ տարբեր հաստատութիւններու, որուն միջոցաւ Սրբազան Պապը լսատեսողական պատգամով մը կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթելու յատուկ մէկ դիտաւորութեան մը համար եւ այս ամիս` 2024ի դեկտեմբեր ամսուան առիթով, Ան հրաւիրեց աղօթելու «որպէսզի դառնանք քրիստոնէական յոյսի ուխտաւորներ»։

Արդարեւ այս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է «յոյսի ուխտաւորներուն» ի տես մի քանի օրէն սկիզբ առնով «Յոյսին» նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարուան։ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ աղօթելու որպէսզի 2025ի Յոբելեանը մեր մէջ ամրապնդէ հաւատքը, օգնելով Քրիստոսը ճանչնալու մեր կեանքերուն մէջ ու մեզ վերածէ քրիստոնէական յոյսին ուխտաւորներու»։

Սրբազան Պապը պատգամը կը սկսի նշելով, որ «Քրիստոնէական յոյսը Աստուծոյ մէկ պարգեւն է, որ մեր կեանքը կը լեցնէ ուրախութեամբ»։ «Եւ այսօր անոր մեծ կարիքը ունինք մենք։ Անոր մեծ կարիքը ունի աշխարհը» կ՛աւելցնէ Քահանայապետը։

«Երբ դուն չես գիտեր եթէ պիտի կարողանաս զաւակներդ կերակրել, կամ եթէ քու ուսմունքդ քեզի թոյլ պիտի տայ արժանավայել աշխատանք մը ունենալու, դիւրին է մատնուիլ յուսալքումի» նկատել կու տայ Սրբազան Հայրը ապա հարց կու տայ. «Ու՞ր փնտռել յոյսը»։

«Յոյսը խարիսխ մըն է։ Խարիսխ զոր դուն կը նետես պարանով, որ կը մխրճուի աւազին մէջ։ Ու մենք պէտք է կառչած մնանք յոյսի պարանին։ Զօրեղ կապուած» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը ու կը հրաւիրէ «զիրար օգնելու փոխադարձաբար բացայայտելու համար Քրիստոսի հետ հանդիպումը, որ մեզի կեանք կը պարգեւէ» ու մենք մեզ դնելու ուղեւորութեան մէջ, որպէս յոյսի ուխտաւորներ, տօնախմբելու համար կեանքը»։

«Եւ կեանքին մէջ կը ներառուի նաեւ յառաջիկայ Յոբելեանը որպէս հանգրուան» կը նշէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը յորդորելով մեր առօրեան լեցնել Աստուծոյ յոյսի պարգեւով թոյլ տալով, որ մեր միջոցաւ ան հասնի նաեւ բոլոր անոնց որոնք զայն կը փնտռեն»։

«Չմոռնանք. Յոյսը յուսախաբ չի թողուր» կը հաստատէ Սրբազան Պապը ու հրաւէր կ՛ ուղղէ աղօթելու «որպէսզի 2025ի Յոբելեանը մեր մէջ ամրապնդէ հաւատքը, օգնելով Քրիստոսը ճանչնալ մեր կեանքերուն մէջ ու մեզ վերածէ քրիստոնէական յոյսին ուխտաւորներու»։

2025ի Յոբելենական տարւոյն թեման «Յոյսի ուխտաւորներ» է, եւ ան պիտի ըլլայ տօնախմբութեան և խոր մտորումներու ժամանակ։ Այսպէս կոչուած «Սուրբ Տարին» միայն հաւատքի ճամբորդութեան հանգրուան մը չէ, այլեւ առօրեայ կեանքին մէջ Քրիստոսը ճանչնալու հրաւէր։ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելային ուղղած իր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց, որ համաճարակը թուլացուց յոյսը հասարակութեան մէջ և որ «մենք պէտք է վառ պահենք յոյսի ջահը, որ մեզի տրուած է»։ Այս ոլորտէն ներս Յոբելեանը կը ներկայանայ որպէս հնարաւորութիւն՝ ամրապնդելու այս յոյսը և կիսելու զայն աշխարհի մը մէջ, որուն ունի հրատապ կարիք։

Գերապ. Ֆիզիքելլան ի միջի այլոց բացատրեց թէ այս ամսուայ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը կ՛ուզէ նաեւ երիտասարդներուն տանիլ հիմնական պատգամ մը որպէսզի անոնք թոյլ չտան որ իրենցմէ խլուի յոյսը այն համոզումով որ յոյսը երբեք յուսախաբ չի լքեր, որովհետեւ հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյ վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2024, 16:00