Ի՞նչ օգուտ ունի հարստութիւնը հանգստաւէտութիւնը եթէ սրտերը կը մնան սառ, դատարկ, փակ. Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Անարատ Յղութեան տօնին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 8 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Անարատ Յղութեան տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ նախագահեց շաբաթ 7 դեկտեմբերին Կարդինալական տիտղոսը ընդունած նոր Ծիրանաւորներուն համապատարագը, մասնակցութեամբ կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասին ու բազմաթիւ հաւատացեալներու։
Ուրախացիր Մարիամ լի շնորհքով
Սուրբ Զոհի ընթացքին ընթերցուեցաւ Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած Սուրբ Կոյս Մարիամին աւետումին հատուածը, ուր Աստուծոյ հրեշտակը Տիրամօր կ՛ըսէ «Ուրախացիր Մարիամ լի շնորհքով» (Ղուկ 1,28),
«Այս ողջոյնով է` որ Նազարէթի խոնարհ բնակարանին մէջ Հրեշտակը Մարիամին կը յայտնէ իր Անարատ սրտին խորհուրդը` որ յղիութենէն իսկ եղաւ «անձեռնմխելի սկզբնական մեղքի իւրաքանչիւր բիծէն» (Պիոս ԺԱ Պապ, neffabilis Deus առաքելական սահմանադրութիւն, 8 Դեկտեմբեր 1854), ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով` թէ քրիստոնեաները դարերու ընթացքին փորձեցին Մարիամի գեղեցկութիւնը ներկայացնել խօսքերու ու պատկերներու միջոցաւ, որոնք կը ցոլացնեն անոր շնորհքն ու անուշութիւնը։
Մարիամ մարդկութեան իսկսկան պատկեր
Սուրբ Պօղոս Զ Մարիամը նկարագրեց` որպէս մարդկութեան իսկական պատկերը, անմեղ եւ սուրբ, մարմնացնելով ներդաշնակութիւնը, պարզութիւնը ու կատարելութիւնը։ «Եւ Մարիամ մեզի կը ներկայանայ երեք հիմնական պատկերներով` որպէս դուստր, որպէս հարս եւ որպէս մայր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Որպէս դուստր։ Աւետարանը զայն կը նկարագրէ որպէս խոնարհ ու հաւատքով հարուստ երիտասարդ կին մը, որուն սիրտը կը ցոլացնէ Աստուծոյ սէրը։ Անոր գեղեցկութիւնը համեմատուած է ծիլ առած ծաղիկի մը, պարզ ու բնական սրբութեան խորհրդանիշ։
Որպէս Հարս։ Անոր պատասխանը Հրեշտակի պատգամին` «այոն» Աստուծոյ կոչին, տեսնուած է, որպէս սիրոյ ու վստահութեան արարք։ Անիկա ծառայ չէ հպատակութեան ու «նուաստացում»ի իմաստով, այլ մեծ արժանապատւութեամբ ու պատասխանատուութեամբ անձ մը, ընտրուած Աստուծմէ, որուն Տէրը կը վստահի ամենաթանկ գանձերն ու ամենակարևոր առաքելութիւնները։
Մարիամ որպէս Մայր։ Մարիամի մայրական պատկերը ամենաընտանի պատկերն է, Ան ներկայացուած է Յիսուսը բազուկներուն մէջ։ Անոր գեղեցկութիւնը կը բացայայտուի Անոր նուիրումի, խնամքի, զոհողութեան մէջ, ընդգծելով մայրութեան կարեւորութիւնը անոր բոլոր ձեւերով։
Մարիամին բիւրեղ սիրտը
Այս բոլորը ներփակուած են Մարիամի բիւրեղ սրտին մէջ, ազատ մեղքէ ու հլու Սուրբ Հոգիի ներգործութեան։ Վտանգը կայ սակայն` որ մենք մտածենք թէ Անոր գեղեցկութիւնը հեռու ու շատ վեհ եւ անհասանելի գեղեցկութիւն է, բայց իրականութեան մէջ այդպէս չէ։ Մենք ալ զայն կ՛ընդունինք Մկրտութեան մէջ, երբ կ՛ազատինք մեղքէն ու կը դառնանք Աստուծոյ զաւակներ։
«Ուրեմն Անարատ Յղացեալը առասպել չէ, վերացական վարդապետութիւն կամ անհնարին իտէալ չէ. ան գեղեցիկ և շօշափելի նախագիծի առաջարկն է, մեր մարդկութեան լիովին իրագործուած տիպարը, որուն միջոցաւ, Աստուծոյ շնորհքով մենք բոլորս կարող ենք նպաստել մեր աշխարհը փոխելու ու զայն դարձնելու աւելի լաւ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ի՞նչ օգուտ հարստութիւնը հանգստաւէտութիւնը եթէ շատ մարդիկ կը մահանան սովի պատճառաւ
Ան ապա նշեց թէ ականատես ենք իրականութեան մը` ուր սկզբնական մեղքը կը շարունկէ վիրաւորել մարդկութիւնը, յառաջցնելով առանձնութիւն ու անտարբերութին։ Իսկական ազատութիւնը չի գտնուիր ընտանեական կապերու մերժումին մէջ այլ բաժնեկցութեան ու զօրակցութեան մէջ։
«Ի՞նչ օգուտ ունի դրամատան մէջ դրամը, բնակարաններու յարմարաւէտութիւնը, վերացական աշխարհի կեղծ «շփումները», եթէ սրտերը կը մնան սառ, դատարկ, փակ։ Ի՞նչ իմաստ ունի երկրի մը ֆինանսական աճի բարձր մակարդակը, եթէ աշխարհի կէսը կը մահանայ սովէն և պատերազմէն, իսկ միւսները կանգնած են և անտարբեր կը հետևին: Ի՞նչ իմաստ ունի ճամբորդել մոլորակով մէկ, եթէ իւրաքանչիւր հանդիպում կը սահմանուի պահի մը յոյզի, պատկերի մը` որ ոչ մէկը պիտի յիշէ», հարց ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց նայիլ Անարատ Յղացեալ Մարիամին խնդրելով` որ Անոր սիրոյ Սիրտը մեզ դարձի բերէ ու մեզի օգնէ կառուցելու հասարակութիւն մը` ուր ընտանիքները համախմբուին, ամուսինները կիսեն ամէն բան ու հայրերն ու մայրերը միշտ մօտիկ ըլլան իրենց զաւակներուն։
Ահաւասիկ եմ
«Ահա այս է գեղեցկութիւնը` որուն մասին կը խօսի Անարատ Յղացեալը «գեղեցկութիւն որ աշխարհը կը փրկէ» եւ որուն առջեւ մենք եւս Մարիամի նման կ՛ուզենք «ահաւասիկ եմ» ըսել Տիրոջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու իր հետ համապատարագող կարդինալները յանձնեց Փրկչի մօր բարեխօսութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ