Որոնել

Սուրբ դռան բացումը 2015ի 8 դեկտեմբերին Ողորմութեան Յոբելեանի առիթով Սուրբ դռան բացումը 2015ի 8 դեկտեմբերին Ողորմութեան Յոբելեանի առիթով 

Յոբելեանը շնորհքի առիթ հանդիպելու համար Աստուծոյ եւ մերձաւորին. Ֆրանչիսկոս Պապ

Իտալական "Il Messaggero" օրաթերթը հրատարակած է Ֆրանչիսկոս Պապին Յոբելեանի նուիրուած մէկ խորհրդածութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 դեկտեմբերին Հռոմի մէջ կեդրոն ունեցող իտալական «Իլ Մեսսաճճերօ» օրաթերթի էջերուն վրայ լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութեամբ Յոբելենական Տարւոյն նուիրուած խորհրդածութիւն մը` որուն մէջ Ան ընդգծեց Յոբելեանի իմաստը, որպէս առիթ հանդիպելու համար Աստուծոյ եւ մերձաւորին։

Յոբելեան բառը կը բխի խոյի եղջիւրի Եոպելէն, որ հին Իսրայէլի մէջ կը յատկանշէր յատուկ տարուայ մը սկիզբը։

«Յոբելենական տարին փրկագնման և վերածնունդի ժամանակ էր, որ յատկանշուած էր ուժեղ խորհրդանշական բնոյթ ունեցող որոշ ընտրութիւններով, որոնք այսօր կը մնան ժամանակակից. Հողը հանգստացնելը մշակումէն, յիշեցնելու համար թէ ան ոչ ոքի սեփականութիւնն է եւ կարելի չէ զայն շահագործել, քանի որ կը պատկանի Աստուծոյ և Ան մեզի կը մատուցէ՝ որպէս փայփայուած նուեր. Պարտքերու ներումը, որուն նպատակն էր հերթական կերպով վերականգնել, հետևաբար, 50 տարին անգամ մը, ընկերային արդարութիւնը անհաւասարութիւններու դէմ. Ստրուկների ազատագրումը, չարաշահումէն և խտրականութիւնէն զերծ մարդկային համայնքի երազանքը զարգացնելու համար»։

Յիսուս իր քարոզութեան սկիզբը` այս գաղափարը կ՛որդեգրէ ինքզինք ներկայացնելով որպէս բանտարկեալները ազատող և վիրաւորները բժշկող։ Ինքն է արդարեւ Աստուծոյ դիմագիծը` որ աշխարհ եկաւ որպէս փրկանք աղքատներուն, ազատելու բանտարկեալները ու բացայայտելու Հօր Աստուծոյ կարեկցութիւնը անոնց նկատմամբ որոնք վիրաւոր են, ինկած, ու անյոյս։

Յոբելեանը այսպիսով կը վերածուի կեանքի ճնշումներէն ազատուելու հնարաւորութիւն՝ մեզ հրաւիրելով վերագտնելու Աստուծոյ հանդիպելու ուրախութիւնը:

1300 թուականէն ի վեր միլիոնաւոր ուխտաւորներ եկած են Հռոմ՝ ապրելու համար ներքին նորոգում: Այս իրականութեան ծիրէն ներս յոբելեանը կը ներկայացնէ յոյսի ուժեղ պահ մը, որ կը խորհրդանշուի Սուրբ Դուռով, որ կը նշէ մուտք դէպի նոր կեանք Քրիստոսի հետ հանդիպման միջոցաւ:

Հռոմը կը պատրաստուի ընդունելու այս ուխտաւորները` փոխադրութիւնները բարելաւելու և յուշարձանները վերականգնելու արտասովոր միջոցներով, սակայն կարևոր է, որ քաղաքը պահպանէ հիւրընկալութեան և միջ մշակութային երկխօսութեան իր կոչումը:

«Սա է այն երազանքը, զոր պէտք է մշակուի. Հռոմ քաղաքը ամբողջ աշխարհին ցոյց պիտի տայ քրիստոնէական պատմութեան իւրօրինակ գեղեցկութիւնը, որ զայն դարբնեց, և որ յատկանշուած է ոչ միայն արուեստի շքեղութեամբ, այլեւ և, առաջին հերթին, հիւրընկալութեան ու եղբայրութեան մարգարէութեամբ»։

Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կ՜աւարտէ հրաւիրելով բոլորը հնչեցնելու սիրոյ եւ յոյսին երգը` որպէսզի Հռոմը կարողանայ շարունակել ըլլալ աշխարհի մէջ հիւրընկալութեան ու արդարութեան խորհրդանիշ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2024, 11:02