Որոնել

Պելճիքայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն հետ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Պելճիքայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն հետ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն. Ոչ նուաստացուցիչ աշխատանքներուն, ունեցէք երազներ եւ նպատակներ

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Իտալացի աշխատաւորներուն քրիստոնեայ ընկերակցութիւններու կողմէ կազմակերպուած «Labor Dì» միջոցառումին երրորդ փուլին մասնակիցներուն։ Միջոցառում մը նուիրուած արժանապատիւ աշխատանքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց «Իտալացի աշխատաւորներու քրիստոնեայ ընկերակցութիւններու» կողմէ կազմակերպուած «Labor Dì» միջոցառումին երրորդ փուլին մասնակիցներուն, միջոցառում նուիրուած արժանապատիւ աշխատանքին։

Ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վերոյիշեալ միջոցառումին կազմակերպիչներուն ընդգծեց որ աշխատանքը, ոչ միայն չափահասներուն հարցեր են դիտել տալով երիտասարդներուն «Դուք արդեն շատ աշխատեցաք եւ որքան ջանք եւ ուժ թափեցիք աճելու համար» նշեց Սրբազան Հայրը ու ընդգծեց հնարաւորութիւնները ճանչնալու արժէքը եւ խիզախ օրէն դիմակայելու կեանքը՝ դուրս գալով որջերէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ աշխարհը երիտասարդներուն իւրայատուկ ներդրումի կարիքը ունի, դիտել տալով որ երիտասարդները ամէն նորութիւն որ կը բերեն կը փոխեն եղելութիւնները։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց որ ամէն ինչ փոխկապակցուած է« աշխատանքի աշխարհը մարդկային է եւ կը պահանջէ վաւերական յարաբերութիւններ՝ արդիւնաւորութիւններէն անդին ու այս շրջանակէն ներս կեանքի որակութիւնն ու եղբայրութիւնը հիմնական նշանակութիւն ունին։ Երբ որ աշխատանքին կը մօտենաք, պահպանեցէք ձեր եզակիութեան գիտակցումը եւ անկեղծ կապեր հաստատեցէք, գրեց Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց խորհելու սիրտի տիպարի մասին, որ կը խորհրդանշէ ձեր ձգտումներն ու որոշումները։ Պահպանեցէք ձեր սիրտը եւ թոյլ մի տաք որ աշխատանքի աշխարհի արագութիւնը ձեզ ճնշէ։ Դիմադրեցէք ճնշումները, որոնք կարող են խախտել ձեր ամբողջականութիւնը։ Իմաստութեամբ ընտրեցէք եւ անհրաժեշտութեան դէպքին մէջ օգնութիւն խնդրեցէք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ աշխատանքի աշխարհի մէջ մտնելը կը նշանակէ միասին կատարել եւ ոչ թէ մեկուսացուած ու բարի օրինակ բերաւ Իտալական աշխատանքներուն ընկերակցութիւնները, նշելով թէ ինչպէս այդ ընկերակցութիւնները կը փոխակերպեն ներիմացումները հաւաքական աշխատանքներուն։

Առանց սիրտի աշխատանքը կը վնասէ մարդկային արժանապատուութիւն, այն ինչ որ մարդկային է՝ լսելու, պատկերացնելու եւ ստեղծագործելու կարողութիւնն է։ Մի մոռնաք որ դուք իւրայատուկ էք եւ կարող էք յոյս դնել մէկը միւսին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց նշելով. «Սիրելի երիտասարդներ, ես ձեզ կը քաջալերեմ համախմբելու ձեր ուժերը, կառուցելու ցանցեր նաեւ միջազգային, վերականգնելու համար ընդհանուր տունը եւ հիւսելու մարդկային եղբայրութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2024, 12:00