Սրբազան Պապին պատգամը «Sollicciano»ի բանտարկեալներուն. Ձեզ կ՛ողջագուրեմ բոլորդ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Կը փափաքիմ ողջագուրել բոլոր բանտարկեալները, որոնց կը վստահեցնեմ իմ մարդկային ու հոգեւոր մօտիկութիւնս։ Կը հրաւիրեմ զանոնք միշտ վստահելու Աստուծոյ, բարի եւ ողորմած Հայր»։ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերն են ասոնք զոր ան ուղղեց Ֆիրենցէի «Sollicciano» բանտի բանտարկեալներուն, որուն ընթերցումը կատարեց Ֆիրենցէի Արքեպիսկոպոսը Գերապ. Կերարտօ Կամպելլին` 19 դեկտեմբերի յետմիջօրէին բանտին մէջ մատուցած պատարագի աւարտին։ Անոր կ՛ընկերանար Ալպանացի Կարդինալ Էրնեսթ Սիմոնին, որ թիրախ եղած է համայնավարական բռնատիրութեան հալածանքներուն եւ ճիշտ Կարդինալ Սիմոնիին ներկայութիւնն է որ Ֆրանչիսկոս Պապին առիթ ընծայեց ուղարկելու իր այս պատգամը։
Յիսուս սրտերը կը լեցնէ յոյսով ու վստահութեամբ
«Բոլորս ընկալենք Յիսուսը` որ կը ծնի ու մեր սրտերը կը լեցնէ յոյսով եւ վստահութեամբ» կը կարդանք միշտ Քահանայապետի պատգամին մէջ որ ապա բոլորին կը մաղթէ «Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ խաղաղ նոր տարի մը» ի սրտէ իր հայրական օրհնութիւնները շնորհելով բոլոր բանտարկեալներուն, անոնց ծնողներուն ու բանտի աշխատաւորներուն։ «Ձեզ կ՛ողջագուրեմ բոլորդ ու կը խնդրեմ հաճեցէք աղօթել ինծի համար» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։
Կարդինալ Սիմոնիի վկայութիւնը
Իսկ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆիրենցէի Արքեպիսկոպոսը մեկնաբանելով օրուան աւետարանական հատուածը բանտարկեալներուն ուզեց փոխանցել յոյսի աւետիսը` յառաջիկայ Յոբելեանի կեդրոնական պատգամը, ակնարկելով Կարդինալ Սիմոնիի կեանքի փորձառութեան, որ կալանաւորուած էր 1963-ի Ծննդեան գիշերը եւ 28 տարիներ ամբողջ մնաց բանտին մէջ, փորձարկելով ամենադաժան տառապանքները։
Տէրը երբեք մեզ չի լքեր
Անոր ներկայութիւնը այսօր մեր միջեւ կը հրահրէ բաժնեկցուած ցաւ մը, ու ցոյց կու տայ թէ անհատի արժանապատուութիւնը պէտք է միշտ յարգուի արդարութեան մէջ, ու մասնաւորապէս ան կը վկայէ թէ հաւատքին ուժը թիկունք ու աջակից է նաեւ աղետալի ժամանակներու ընթացքին ու կարող է յաղթել չարին» ըսաւ ի միջի այլոց Գերապայծառ Կերարտօ Կամպելլին նշելով նաեւ` թէ նոյնինքն Յիսուսին ծնունդը պատահեցաւ դժուար կացութեան մէջ, ճնշումի ու աղքատութեան մէջ, «բայց մարդեղացած Աստուած լոյս բերաւ մեր բոլորի կեանքին մէջ» յարեց Ան հաստատելով, որ մեր յոյսն ու վստահութիւնը կը հենու այն իրականութեան վրայ` որ «Տէրը երբեք մեզ չի լքեր մեր թշուառութեան ու սխալներուն մէջ, եթէ մենք պատրաստ ու տրամադիր ենք դարձի գալու եւ զինք ընկալելու։ Անոր վստահելով բանտը կարող է դառնալ վայր ուր կարելի է գտնել սրտի անդորրութիւնը», ըսաւ Ֆիրենցէի Արքեպիսկոպոսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ