Որոնել

TOPSHOT-FRANCE-VATICAN-RELIGION-POPE

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 47րդ միջազգային ճամբորդութիւնը

Նորին Սրբութիւնը կը պատրաստուի մեկնիլ` Այաչչօ մասնակցելու Միջերկրականի մէջ Ժողովրդական Կրօնականութեան համագումարի եզրափակումին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ Կիրակի օր` 15 դեկտեմբեր 2024-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ այցելութիւն պիտի մեկնի Քորսիքա այնտեղ գլխաւորելու համար «Միջերկրականի մէջ Ժողովրդական Կրօնականութիւնը» համագումարի եզրափակման նիստը։ Ֆրանչիսկոս Պապը պատմութեան մէջ առաջին Քահանայապետն է` որ կ՛այցելէ Քորսիքան մինչ իր այս այցելութեամբ ան երեք անգամ այցելած պիտի ըլլայ Ֆրանսան` 2014ի Սթրազպուրկ կատարած եւ 2023ին Մարսիլիա կատարած այցելութիւններէն ետքը։

Այս պիտի ըլլայ Սրբազան Պապին Քահանայապետութեան 47-րդ Առաքելական Ճամբորդութիւնը եւ պիտի տեւէ ինչպէս նշեցինք մէկ օր։

Այաչչոյի թեմը ունի 279.450 կաթողիկէ հաւատացեալ որոնց հովուական ծառայութիւն կը մատուեցն 83 թեմական քահանաներ անոր 434 ժողովրդապետութիւններուն մէջ։ Այաչչոյի եպիսկոպոսն է Կարդինալ Ֆրանսուա Քզավիէ Պուսթիլլիոն։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն կը մեկնի առաւօտեան կանուխ ու Այաչչոյի միջազգային օդակայան կը ժամանէ գրեթէ մէկ ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք անմիջապէս ուղղուելով 2005 թուականին բացայայտուած «Baptistère Saint-Jean» Զ դարու մկրտարան, որմէ ետքը կ՛ուղղուի Այաչոոյի «Palais des Congrès et d’Exposition» համալիր, մասնակցելու ու բակումը կատարելու «La religiosité populaire en Méditerranée – Միջերկրականի մէջ Ժողովրդական կրօնականութիւնը» տիտղոսով համագումարին որ նուիրուած է «ժողովրդական բարեպաշտութեան և հոգևորութեան» թեմաներուն։

Համագումարը կազմակերպուած է Այաչոյի թեմէն՝ կիսելու համար ժողովրդական կրօնականութեան հաւատքի հարստութիւնը.

Նորին Սրբութիւնը միօրեայ այս առաքելական այցելութեան ընթացքին առիթը պիտի ունենայ ապա հանդիպելու տեղւոյն եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, նուիրեալ անձանց ու նորընծաներուն հետ ապա յետմիջօրէին ժամը 3,30ին պատարագ պիտի մատուցէ “Place d’Austerlitz” ի մէջ որմէ ետքը օդակայանին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ աւարտելով միօրեայ ճամբորդութեան յայտագիրը։

Նշենք` որ կեցութեան ընթացքին Սրբազան Պապը կարգ պիտի առնէ նաեւ հրաշագործ Տիրամօր արձանին առջեւ, որ 1656 կղզին խնայեց ժանտախտէն, փոխելով հովին ուղղութիւնը ու թոյլ չտալով որ հիւանդներով լեցուն նաւերը այնտեղ հասնին։ Այդ օրէն ի վեր «Madonnuccia» կոչուած Տիրամայրը դարձած է Կղզիին պաշտպան սրբուհին, որուն տօնը կը կատարուի իւրաքանչիւր տարուայ Մարտ ամսուայ ընթացքին։ Սրբազան Պապը Տիրամօր առջեւ պիտի աղօթէ ու պիտի վարէ մոմ մը։

Յայտնենք` որ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Քորսիքա առաջին ու երկրորդ դարերուն բայց Դ դարէն ետքն է` որ ան աւելիով ծաւալեցաւ Մեծն Գրիգոր Քահանայապետի օրով` 590-604 թուականներուն շնորհիւ անոր այնտեղ ուղարկած վանականներու քարոզութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2024, 14:28