Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Սուրիոյ համար. Թող` որ Սուրիացի ժողովուրդը ապրի անվտանգ ու խաղաղ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Կը հետեւիմ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած անցուդարձներուն` անոր պատմութեան այս նուրբ պահի ընթացքին։ Կը մաղթեմ` որ կարելի ըլլայ հասնիլ քաղաքական լուծումի մը, որ առանց այլ հակամարտութիւններու ու բաժանումներու, պատասխանատուութեամբ խթանէ Երկրին կայունութիւնն ու միութիւնը։ Կ՛աղօթեմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, որպէսզի Սուրիացի ժողովուրդը կարողանայ ապրիլ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը իր սիրելի հայրենիքին մէջ ու կրօնական տարբեր դաւանանքները կարողանան քալել մասին բարեկամութեան մէջ ու փոխադարձ յարգանքով` ի բարօրութիւն այդ Պետութեան, որ վիրաւոր է բազմաթիւ տարիներու պատերազմի բերումով». Կոչն է այս Ֆրանչիսկոս Պապին, զոր ուղղեց չորեքշաբթի 11 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Սուրիացի ժողովուրդին մաղթելով խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն։
Ան ապա ողջունելէ ետք իտալացի ուխտաւորները յիշեց Ուքրանիան «որ կը տառապի պատերազմի բերումով» ու աղօթք խնդրեց «որպէսզի կարելի ըլլայ գտնել ելքի ճամբայ մը»։
«Եւ կը մտածեմ, Պաղեստինի, Իսրայէլին, Միանմարին։ Թող` որ Խաղաղութիւն հաստատուի։ Թող խաղաղութիւնը վերադառնայ» ըսաւ Սրբազան Պապը անգամ մը եւս հաստատելով որ «Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է» ու վերանորոգեց իր հրաւէրը աղօթելու խաղաղութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ