«Ձեռնարկին մասնակցելու ձեր ընտրանքը կը ստեղծէ յոյսի նշաններ». Քահանայապետը Աղքատներու Համերգին արուեստագէտներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 7 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս եօթներորդ անգամ ըլլալով նախատեսուած է «Աղքատներուն հետ Համերգը» որուն կը մասնակցին բազմաթիւ արուեստագէտներ եւ ի մասնաւորի Օսքարի դափնեկիր` Հանս Զիմմերը։ Համերգին ներկայ պիտի գտնուին ութը հազար հանդիսատեսներ որոնց շարքին երեք հազար աղքատներ, որոնց հրաւէրը երաշխաւորած է Բարեսիրութեան Ծառայութեան Վատիկանեան Վերատեսչութիւնը։
Վերոնշեալ այս համերգի առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը Շաբաթ 7 դեկտեմբերի առաւօտեան ունկնդրութիւն շնորհեց Համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ արուեստագէտներուն, անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը որուն մէջ յայտնեց թէ համերգը «գեղեցիկ պահ մըն է բազմաթիւ եղբայրներու ու քոյրերու հետ կիսելու համար երաժշտութեան գեղեցկութիւնը, որ կը միացնէ սրտերը ու վեր կը բարձրացնէ հոգին»։
Համերգ ներդաշնակութիւն եւ սիւնհոդոսականութիւն
Ողջունելով հուսկ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Գերապ. Ֆրիզինան ու Հռոմի Թեմին երգչախումբը, որ այս տարի կը բոլորէ իր գործունէութեան քառասուն ամեակը, Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտներուն ու նաեւ անոնց` որոնց սատարեցին իրականացնելու ձեռնարկը մատնանշելով` որ «համերգը գեղեցիկ առակ մըն է սիւնհոդոսական ներդաշնակութեան` զոր Եկեղեցին կը ջանայ ապրիլ աւելի մեծ լիութեամբ»։
Ասկէ մեկնելով ան նշեց` թէ «նուագախումբին մէջ իւրաքանչիւրը կը նուագէ իրեն յատկացուած մասը բայց պէտք է` որ զայն ներդաշնակէ միւսներուն հետ, ստեղծելով երաժշտութեան գեղեցկութիւնը» աւելցնելով` որ «երաժշտական ստեղծագործութեան մը մէջ լռութիւնները, դադարները, տարահնչիւնները նոյնքան կարևոր են, որքան բուն խազերը» ու հաստատեց «Աստուած թափօններ չի ստեղծեր: Իւրաքանչիւրը կոչուած է արտայայտուելու, իր դերը խաղալու բոլորի հետ միասին»։
Ընտրանք կատարելու կարեւորութիւնը
«Այս ներդաշնակութեան առակը իրականացնելու համար հարկաւոր է ընտրել մաս կազմելու անոր եւ դուք ընտրեցինք այդ մէկը, մասնակցելու այս ձեռնարկին մարդոց հետ, որոնք կարիքի մէջ են եւ ամէն օր դժուարութիւն ունին յառաջ ընթանալու» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով, որ անոնց այս ընտրանքը յոյս կը ստեղծէ ու թէ ճիշտ այդ յոյսն է որ կ՛առաջարկուի մօտալուտ Յոբելեանին` ստեղծել յոյսի նշաններ, մեկնելով սիրոյ աղբիւրէն, որ է Յիսուսին Սիրտը» ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Համագործկացութիւն եւ ներդաշնակութիւն
«Առանց բոլորի համագործակցութեան, կարելի չէ ստեղծել իսկական սիմֆոնիա մը: Միայն տարբեր մարդկանց համերգէն է որ կը յառաջանայ ներդաշնակութիւնը, որ կը շէնցնէ և կը մխիթարէ բոլորը։ Նմանապէս, Եկեղեցին, կոչուած ըլլալով աշխարհի մէջ ըլլալ հաղորդութեան և եղբայրութեան նշան և գործիք, պէտք է մարդկութեան սրտին մէջ ստեղծէ Աստուծոյ և եղբայրներու հանդէպ սիրոյ հրաշալի և գիտակից երգ մը» եղաւ Քահանայապետին մէկ նկատումը որ ապա աւելցուց թէ այս Աղքատներուն հետ իրագործուած համերգը գեղեցիկ նշան մըն է սիւնհոդոսական ներդաշնակութեան, որուն ընթացքին մեր այս կարիքաւոր եղբայրները պիտի կարողանան մասնակցիլ որպէս դերակատարներ, որովհետեւ «գեղեցկութիւնը Աստուծմէ տրուած պարգեւ մըն է, համայն մարդ արարածներուն, որոնք միաւորուած են նոյն արժանապատուութեամբ ու կոչուած եղբայրութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը որ ապա խօսքը աւարտեց բոլոր ներկաները յանձնելով «Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին, որ ճանչցաւ դիւրաբեկութիւնն ու աքսորը առան կորսնցնելու յոյսը։
«Թող Տէրը ձեր մէջ միշտ վարած պահէ յոյսին բոցը։ Կ՜աղօթեմ ձեզի համար ու ձեռնարկի յաջողութեան համար ու ձեզմէ կը խնդրեմ, եթէ կը բարեհաճիք, աղօթելու ինծի համար, աղօթեցէք ի նպաստ, ոչ թէ հակառակ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խօսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ