Որոնել

2024.12.17 Buon compleanno Papa Francesco in armeno

Բարի տարեդարձ Ֆրանչիսկոս Պապ. Քահանայապետը 88 տարեկան

«Այս խաւար ժամանակներուն, որտեղ կուտակուած են ատելութեան և վրէժխնդրութիւն ամպերը, կողմնացոյցի սլաքը ուղղուած է ուղիղ Քրիստոսին, որ մեզ «կարող կը դարձնէ առողջ ու երջանիկ յարաբերութիւններ հաստատել և այս աշխարհին մէջ կառուցել սիրոյ և արդարութեան թագաւորութիւնը» (Dilexit nos, 28)» կը կարդանք Իտալացի եպիսկոպոսներուն շնորհաւորական նամակին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 


Այսօր` 17 դեկտեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորեց իր 88րդ տարեդարձը, որուն առիթով Ան ընդունեց բազմաթիւ բարի մաղթանքներ սկսեալ անցեալ օր` Այաչչոյէն վերադարձի թռիչքին վրայ իր հետ ճամբորդող լրագրողներէն` որոնք Անոր նուիրուած էին շինծու կարկանդակ մը։


Մինչ այսօր` ի շարս այլոց, Անոր շնորհաւորական պատգամ յղեցին Իտալիոյ Եպիսկոպոսները, որոնք մատնանշեցին “Dilexit nos” առաքելական Անոր նամակին, որուն մէջ Ան ընդգծած է «սրտին ու սիրոյ կարեւորութիւնը», որպէս ուղեցոյց աշխարհի մը որ կը թուայ կորսնցուցած ըլլայ ուղղութիւնը եւ թիրախ է ատելութեան, բռնութեան, պատերազմի, անտարբերութեան ու արհամարհանքի փոթորիկին։

«Այս խաւար ժամանակներուն, որտեղ կուտակուած են ատելութեան և վրէժխնդրութիւն ամպերը, կողմնացոյցի սլաքը ուղղուած է ուղիղ Քրիստոսին, որ մեզ «կարող կը դարձնէ առողջ ու երջանիկ յարաբերութիւններ հաստատել և այս աշխարհին մէջ կառուցել սիրոյ և արդարութեան թագաւորութիւնը» (Dilexit nos, 28)» կը կարդանք Իտալացի եպիսկոպոսներուն նամակին մէջ` ուր անոնք կը հաստատեն թէ կ՛ուզեն յանձնառու ըլլալ վերադառնալու էականին վերագտնելու համար բարութեան մղիչ ուժը` որ դուրս կու գայ սրտերէն, «բանալով աչքերը համայն աշխարհի վրայ ու բոլոր այն բաներուն վրայ, որոնք կարող ենք գործել յառաջ տանելու համար մարդկութիւնը դէպի աւելի լաւ ճակատագիր» (Gaudium et spes, 82)։

«Մենք կ՛ուզենք սորվիլ Քրիստոսէն, Աստուած` որ ընտրեց մանուկի մը քնքշութիւնն ու դիւրաբեկութիւնը «վերստեղծելու համար սէրը», այնտեղ ուր սիրելու կարողութիւնը համակուած է անհատականութեամբ։ Մենք կ՛ուզենք մտիկ ընել մեր ժողովուրդի սրտի զարկին եւ կ՛ուզենք յիշել բոլոր անոնք որոնք ձայն չունին ու կ՛ապրին տառապանքի մէջ» կը գրեն ի միջի այլոց եպիսկոպոսները ապա կը հաստատեն թէ կ՛ուզեն բանալ իրենց սրտին սուրբ դուռը աւելի լաւ ապրելու համար Յոբելեանը, «այս շնորհքի տարին` որ մեզի պարգեւուած է, որպէսզի մեր Եկեղեցին դառնայ աւելի միսիոնար եւ աւելի հիւրընկալ, այնպէս ինչպէս մեզմէ կը պահանջէ սիւնհոդոսականութեան ուղեւորութիւնը» կը նշեն անոնք Քահանայապետին ուղղուած շնորհաւորական նամակին մէջ։

Ահա այս զգացումներով է որ Ձեզի կը վստահեցնենք Իտալիոյ եկեղեցիներուն մօտիկութիւնն ու աղօթքը։ Շնորհաւոր ըլլայ Նորին Սրբութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2024, 11:22