«Տէրը ձեզ կը կոչէ ըլլալու` եղբայրութեան վկաներ, հաղորդութեան արհեստաւորներ և միութեան կերտողներ». Քահանայապետը կարդինալներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 7 դեկտեմբեր 2024-ի կէսօրէն ետք ժամը չորսին Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ 21 Նոր Կարդինալներու ստեղծումի Կարդինալական Հանրային հաւաքը, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ։
Արարողութեան ընթացքին Կարդինալական տիտղոսին արժանացան`
Գերապ. Անճելօ Աչերպի, Առաքելական Նուիրակ, Գերապ. Քարլոս Կուսթավօ Քսթիլլո Մաթթասոլիօ, Լիմայի Արքեպիսկոպոս, Գերապ. Վիչենթէ Պոքալիչ Իկլիչ, Արժանթինի առաջնորդ ու Սանթիակօ տէ Էսթերոյի Արքեպսիկոպոս, Գերապ. Քապրերա Ճերարտօ Հերրերա, Կուայաքիլի Արքեպիսկոպոս, Գերապ. Նաթալիօ Շիմալի Կարիպ` Չիլէի Սանթիակոյի Արքեպիսկոպոս, Գերապ. Թարչիզիօ Իզաօ Քիքուքի Թոքիոյի Արքեպիսկոպոս, Գերապ. Փապլօ Վիրճիլիօ Տավիտ, Քալուքանի Եպիսկոպոս,Գերապ. Լաճիսլաւ Նեմէթ` Պէոկարտ Սմետերեվօ թեմին Արքեպիսկոպոս,Գերապ. Ճէղմ Սփենկէր` Փորթօ Ալեկրէի Արքեպիսկոպոս, Գերապ Ինիաս Պեսսի Տոկպօ, Ապիտժանի Արքեպիսկոպոս, Գերապ Թան Փոլ Վեսքօ, Ալճերի Եպիսկոպոս, Գերապ. Ժոզէօ Մաթիու, Թեհրանի Արքեպիսկոպոս, Գերապ. Ռոպերթօ Ռեփոլէ, Թորինոյի Արքեպիսկոպոս, Գերապ. Պալտասսարէ Ռթյնա, Հռոմի Թեմին ընդհանուր Փոխանորդ, Գերապ. Ֆրանսիս Լէօ, Թորոնթոյի Արքեպիսկոպոս, Գերապ. Ռոլանտաս Մաքրիքաս, Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական պազիլիքային օգնական աւագերէց, Գերապ. Միքոլա Պիչօք, Ուքրանացիներու Մելպուրն Սուրբ Պետրոս Սուրբ Պօղոս Թեմին առաջնորդ, Հայր Թիմոթի Փիթըր Ժոզէֆ Ռատքլիֆ, աստուածաբան, Հայր Ֆապիօ Պաճճօ, Մարդկային համապարփակ զարգացումի Վերատեսչութեան ենթաքարտուղար, Հայր Ժորժ Եաքոպ Քոովաքատ, Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւններու պատասխանատուն ինչպէս նեաւ Գերապայծառ Տոմենիքօ Պաթթալիան Նափոլի քաղաքի Արքեպիսկոպոս։
Արարողութիւնը
Նոր Կարդինալներու ստեղծումի արարողութիւնը սկիզբ առաւ «Tu es Petrus» երգեցողութեամբ ապա նոր Կարդինալներու անունով Նորաստեղծ Կարդինալ Աչերպին Քահանայապետին ուղղեց շնորհակալական խօսք, որմէ ետք Սրբազան Պապը նախագահէ Կարդինալական տիտղոսի ու աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը, նոր թեկնածուներուն յանձնելով մատանին, որուն սովորութիւնը սկիզբ առած է ԺԳ դարուն եւ կարմիր գլխարկը, որուն գոյնը կը խորհրդանշէ մարտիրոսութիւնը, ինչպէս նաեւ Հռոմի Եկեղեցիի մը տիտղոսաւոր դառնալու իրաւունքը։ Նոր ստեղծուած ծիրանաւորներուն յանձնուեցաւ նաեւ Քահանայապետական հրովարտակը։
Կարդինալական այս հաւաքով Կարդինալական դասին թիւը կը հասնի 253 որոնցմէ 140 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ իսկ 113-ն ոչ ընտրող։ Անոնցմէ 149-ն ստեղծուած են Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։
Սրբազան Պապին քարոզը
Արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը քարոզը կեդրոնացուց Յիսուսի դէպի Երուսաղէմ տանող ճանապարհորդութեան Աւետարանական հատուածին ու Յակոբ եւ Յովհաննէս երկու եղբայրներու Յիսուսին ներկայացուցած խնդրանքին վրայ, բազմելու մէկը անոր աջ միւսը անոր ձախ կողմը։
«Աւետարանը ի յայտ կը դնէ երկու հակասութիւններ` մինչ Յիսուս կը քալէ դէպի այն ճանապարհը որ զԻնք պիտի տանի մինչեւ Գողգոթայ աշակերտները կը մտածեն` յաղթական Մեսիայի մը` դիւրին ու սահուն ճանապարհին» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, թէ այս մէկը մեզ կը հրաւիրէ մտածելու ու խորհելու մեր սրտի մասին եւ մեր բռնած ուղղութեան` եթէ ներքաշուած ենք հեղինակութեամբ ու զօրութեամբ, կամ հաւատարիմ ենք Քրիստոսի պատգամին:
Վերադառնալ սրտին
Սուրբ Օգոստինոս կը խրախուսէ վերադառնալ միշտ սրտին ուր կը բնակի Աստուծոյ պատկերը։ Հիմնական է Քրիստոսը վերականգնել մեր սրտին ու մեր ծառայութիւններուն որպէս կիզակէտ, խուսափելով մակերեսային բաներով զբաղելէ։ Մեր հաւատքին հիմքը պէտք է ըլլայ Յիսուս, որ կ՛ուղղէ եւ թիկունք կը կանգնի մեր ուղեւորութեան, նշեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ Յիսուսին ճանապարհին հետեւիլը կ՛ ենթադրէ ուրիշներու հետ հանդիպելու կիրք:
Յիսուս արդարեւ կը քալէ անոր մօտ որ կը տառապի, դարմանելով վիրաւոր սրտերը ու անոնց տանելով յոյս։
Կարդինալներն ալ կոչուած են վերադառնալու սրտին եւ ապրելու այս խնամքի ու հանդիպումի չափանիշը, գիտակցելով` որ Եկեղեցին կը կառուցուի աշխարհի ճանապարհներուն վրայ, նկատել տուաւ քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով հաղորդութեան և միասնութեան կերտողներ ըլլալու կարեւորութիւնը:
Կարդինալները պէտք է վկայեն եղբայրութիւնը
Ասկէ մեկնելով Ան զգուշացուց աշակերտներու միջեւ մրցակցութեան վտանգէն որ կարող սպառնալ միութեան, մատնանշելով որ Յիսուսին առաքելութիւնն է տապալել թշնամութեան պատերը ու մեզի թոյլ տալ որ մենք մեզ ճանչնանք զաւակներ միակ ու միեւնոյն Հօր։
«Ճանապարհի արկածը, ուրիշներու հետ հանդիպելու ուրախութիւնը, ամենափոցելիներուն հոգատարութիւնը. Այս է որ պէտք է ոգեւորէ ձեր ծառայութիւնը որպէս կարդինալներ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց որ «կարդինալները կը ներկայացնեն Եկեղեցւոյ բազմազանութիւնը և պէտք է վկայեն եղբայրութիւնը, աշխատելով յանուն միասնութեան» նշեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը յղում կատարելով Սուրբ Պօղոս Զ Պապին, որ կը հաստատէր թէ Քրիստոսի իսկական աշակերտները կը փնտռեն միութիւնը։
Միութիւն ու Հաղորդութիւն
«Յիսուսին ճանապարհին հետեւիլը կը նշանակէ ըլլալ միութեան ու հաղորդութեան կերտողներ» յայտնեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով Ծիրանաւորները ըլլալու եղբայրութեան վկաները, հաղորդութեան հաղորդութեան արհեստաւորներ և միասնութեան կերտողները ապա խրախուսեց զանոնք ընթանալու Յիսուսի ետեւէն` ընդառաջելով Անոր կոչին. Ետեւէս եկէք, իմ ճանապարհիս վրայ, ու տարբեր պիտի ըլլաք, պիտի ըլլաք լուսաւոր նշան մը, ընկերութեան մը մէջ` որ տարուած արտաքինով և առաջին տեղերու փնտռտուքով։
«Յիսուսի ճանապարհին վրայ քալենք միասին` հեզութեամբ զարմանքով եւ ուրախութեամբ» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ յորդորը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ