Ֆրանչիսկոս Պապին 2024 տարին` խաղաղութեան արհեստաւոր եւ աշխարհի մէջ ուխտաւոր
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
2024 տարին կը հասնի իր աւարտին եւ ժամանակն է հաշուեկշիռի մը, նայելու համար մեր ետին ապ հայեացքը ուղղելու դէպի յառաջ դէպի նոր տարի, նոր հորիզոն որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար յոյսի հորիզոնն է, ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած Յոյսի Յոբելենական տարւոյն որ սկիզբ առաւ անցեալ 24 դեկտեմբերին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային Յոբելենական Սուրբ Դռան բացումով։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2024 տարին յատկանշուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւններով, սկսեալ անոր կատարած ամենաերկար ճամբորդութենէն որ զինք մղեց Ասիա եւ Ովկիանիա` 2 al 13 սեպտեմբերին անցնելով Ինդոնեզիայէն, Փափուա Նովա Կինէայէն, Թիմոր Լեսթէն ու Սինկափորէն, մեծ խանդավառութիւնը հրահրելով երիտասարդ ու կենսունակ եկեղեցւոյ մը հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին։ Իսկ Նորին Սրբութեան ամենակարճ եւ 2024 տարուան վերջին ճամբորդութիւնը, որ տեւեց միայն տասը ժամ, եղաւ Քորսիքա, ուր ան 15 դեկտեմբերին մասնակցեցաւ Ժողովրդական բարեպաշտութեան նուիրուած համագումարին։
Տարուան ընթացքին Ան գրեթէ 200 կոչեր ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան եւ պատերազմներու, երեխաներու նկատմամբ «դաժանութեան», զէնքի արտադրութեան և մահապատժի դէմ, առաջարկելով անօթութեան դէմ համաշխարհային հիմնադրամ մը որուն ֆինանսաւորումը երաշխաւորուի սպառազինութեան յատկացուած գումարներուն մէկ մասէն։
Ան ապա բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ աշխարհի զանազան անձնաւորութիւններու հետ որոնց շարքին Մերձաւոր Արևելքի և Ուքրանիայի իշխանութիւնները ինչպէս նաեւ աշխարհը յուզող հակամարտութիւններու զոհերուն հետ։
Չպակսեցան Նորին Սրբութեան Նամակ-կոչերը ուղղուած Քիեւի եւ Մոսկուայի Առաքելական նուիրակներուն ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրի կաթողիկէներուն, բացի բազմաթիւ պատգամներէն որ ուղղեց զանազան հաստատութիւններու ու միջոցառումներու առիթով ինչպէս G7-ին, G20-ին, Տավոսի ֆորումԻՆ, Cop29-ին, շարունակելով Վատիկանի ու Հռոմի թեմէն ներս ներքին բարեփոխումները և վերակառուցումները Վատիկանում կամ Հռոմի թեմում:
Ապա հեռախօսազրոյցներ, հեռագիրեր, լսատեսողական պատգամներ աղօթքի դիտաւորութիւններ, հարցազրոյցներ, գիրքերի նախաբաններ հուսկ «Dilexit Nos» շրջաբերականը, հրատարակուած նոյեմբերին, եւ նուիրուած Յիսուսի սուրբ սրտին ու նաեւ, Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսը` հոկտեմբերին, որուն միջոցաւ շարունակուեցաւ աշխատանքը դէպի աւելի ներառող Եկեղեցի մը, եւ ի վերջոյ, ինչպէս նշեցինք` Յոյսի Յոբելեանը Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դռան բացումով որուն 26 դեկտեմբերին յաջորդեց Ռեպիպիա բանտին Սուրբ դռան բացումը:
Անցեալ 6 հոկտեմբերի Կարդինալական Ժողովի ընթացքին Սրբազան Պապը ստեղծեց 21 նոր կարդինալներ, շարունակելով նաեւ նուիրուիլ իր Թեմին Հռոմի քաղաքի ժողովրդապետութիւններուն այցելութիւնը խրախուսելով աղօթք ու բարեսիրութեան գործունէութիւններ կատարելու ի պատրաստութիւն Սուրբ Տարուան, հուսկ բարեկարգումներու շարքին Վատիկանի տնտեսութեան կառավարման հետ մէկտեղ հիմնական խնդիրներն եղան զէռօ պարտքի ի նպաստ անոր կոչերը ու «զգայնութեան» եւ «զոհողութեան» խնդրանքը։
Տարին յատկանշուեցաւ նաեւ Քահանայապետի փխրուն բայց տոկուն առողջութեամբ, Ան մի քանի օրեր առաջ բոլորեց իր 88 տարեդարձը բայց չի հրաժարեցաւ նորոգելու խաղաղութեան, միջկրօնական ու համամիութենական երկխօսութեան ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան ի սպաս իր յանձնառումը։
Ահա Քահանայապետի կոչերէն քաղուածք մը
«Հայցենք խաղաղութեան իշխանէն, Տիրոջմէ, որ մեզի պարգեւէ այս շնորհքը` խաղաղութիւնը, խաղաղութիւն աշխարհին։ Չմոռնանք որ պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, միշտ։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է»
«Թող որ Կառավարիչները լսեն ժողովուրդներուն աղաղակը` որոնք խաղաղութիւն կը խնդրեն» (17 նոյեմբեր)
«Աղօթենք` որպէսզի պատերազմ ուզողները դարձի գան. Միջին Արեւելքի մէջ թող վերջ դրուի ոխի պարոյրին» (12 հոկտեմբերի թուիթ)
«Թող Աստուած խաղաղութիւն որոնող սիրտ մը պարգեւէ մեզի, յաղթահարելու համար պատերազմը» (18 սեպտեմբեր)
«Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ազգերու և նաև արարչագործութեան համար: Ոչ սպառազինութեան եւ հասարակաց տան շահագործման» (8 սեպտեմբեր)
«Բարութիւններով եւ խաղաղութեամբ Քրիստոնեաները կրնան աշխարհին մէջ Քրիստոսի բոյրը սփռել» (21 օգոստոս)
«Խաղաղութիւնը թող գերիշխէ ատելութեան եւ բաժանումներուն վրայ» (20 Յուլիս)
«Աղօթենք ու Տիրոջմէ հայցենք խաղաղութիւնը` որպէսզի աշխարհը այլեւս չի տառապի պատերազմներէ» (5 Յունիս)
«Ոչ պատերազմին, այո երկխօսութեան. Թող խաղաղութիւն հաստատուի» (5 Մայիս)
«Չյանձնուինք պատերազմի տրամաբանութեան, թող գերակշռեն երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան ուղիները» (21 Ապրիլ)
«Կանգ առէք. Կարելի չէ պատերազմով աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցել» (3 Մարտ)
«Պատերազմը ինքնիր մէջ մարդկութեան դէմ ոճիր է։ Չմոռնանք այս մէկը` պատերազմը ինքնիր մէջ ոճիր է մարդկութեան դէմ։ ժողովուրդները խաղաղութեան կարիքը ունին։ Աշխարհը ունի խաղաղութեան կարիք» (14 Յունուար)
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ