Լոյս պիտի տեսնէ Ֆրանչիսկոս Պապին «Spera» - «Յուսայ» վերնագիրով ինքնակենսագրականը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 14 յունուարին լոյս պիտի տեսնէ «Spera» - «Յուսայ» վերնագիրով Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնակենսագրականը, պատմութեան մէջ առաջինը, զոր իրականացուած է քահանայապետի մը կողմէ իր քահանայապետութեան շրջանին։
Ինքնակենսագրականը պիտի հրապարակուի Մոնտանտորի տպագրատունի կողմէ եւ լոյս պիտի տեսնէ տարբեր լեզուներով աւելի քան 80 երկիրներու մէջ, յոբելինական սուրբ Տարուան ընթացքին։
Քարլօ Մուսիօ հեղինակին հետ գրած ինքնակենսագրականի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ իր կեանքին եւ այն փորձառութիւններուն, որոնք ձեւաւորած են իր մտածողութիւնը, ներառեալ իր մանկութիւնը Պուէնոս Այրէսի Ֆլորէս շրջանին մէջ։ Գիրքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յատուկէն կ՝անդրադառնայ նաեւ 2021ին իրաք կատարած այցելութեան։
«Իմ կեանքի գիրքը յոյսի ճամբորդութիւն մըն է, որ ես չեմ կրնար պատկերացնել անջատուած իմ ընտանիքէս, բնակչութենէս եւ Աստուծոյ ժողովուրդէս։ Ամէն էջերու մէջ է նաեւ գիրքը անոր, որ իմ հետս քալեց, անոնց որոնք մեզի նախորդեցին ու անոնց որոնք մեզի պիտի հետեւին։ Մեկնաբանած է Ֆրանչիսկոս Պապ իր գիրքի ներկայացումին համար պատրաստած գրառումին մէջ։
Ինքնակենսագրականին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նկարագրէ Ֆլորէս շրջանը որպէս «Բարդ փոքրիկ տիեզերք» ուր տարբեր մշակոյթներ եւ կրօնները խաղաղութեան մէջ կը գոյակցէին։ Կը յիշէ նաեւ «Ժամանակակից Մագդաղենացիները» կիները, որոնք կ՝ապրին դժուար փորձառութիւններ ինչպէս մարմնավաճառութիւնը եւ որոնք կեանքի նոր ուղիներ գտան։
Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ նաեւ իր կարեւոր բարեկամութիւնը հայր Խօսէ Տէ Փաուլային հետ, որ յայտնի է , որպէս Հայր Փէփփէ, ինչպէս նաեւ իրենց աշխատանքները Պուէնոս Այրէսի արուարձաններու մէջ, ուր հաւատքը տեսաւ որպէս ընկերային մարտահրաւէրները դիմակայելու միջոց։
Գիրքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքը կը նկարագրէ որպէս «սիրտի վէրքը» մասնաւորապէս Մոսուլի աւերուածութիւններուն համար, որ կը խորհրդանշէ տարբեր մշակոյթներու միջեւ համակեցութեան երկար պատմութիւնը, որ այժմ վերածուած է աւերակներուն։ Չնայած առաքելական Ճամբորդութեան վտանգներուն Ֆրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ զգաց Իրաք մեկնելու, ընդգծելով միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխանցէ նաեւ իր յորդորը համաշխարհային տէրութիւններուն՝ առաջնահերթութիւն տալու բանականութեան եւ իմաստութեան, այլ ոչ թէ հակամարտութիւններուն նշելով մեծ Այաթոլլա Ալ Սիթսանի հետ հանդիպումը, որպէս բարեկամութեան եւ երկխօսութեան պահ։
Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ կը շօշափէ զուարթամտութեան թեման, որպէս կեանքի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գործիք կիսելով իր անձնական ուրախ պատմութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ