Ֆրանչիսկոս Պապ. Յոբելեանը թող պատերազմի բոլոր ճակատներուն վրայ հրադադարի առիթ դառնայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ի տես յառաջիկայ 2025 Յոբելինական սուրբ Տարուան, Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը յստակ ուժեղ կոչ մըն է խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ ընկերային պաշտպանութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապը «Յոյսի Յոբելեան» վերնագիրով հատորին նախաբանին մէջ փափաք կը յայտնէ աշխարհի մը՝ ուր զէնքերը լուռ են եւ ուր խիզախօրէն աշխատանք կը տարուի արդարութեան եւ յոյսին համար։
«Յոյսի Յոբելեան» Գիրքին նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ, որ բոլոր հակամարտութիւնները կը տանին դէպի պարտութիւն եւ յոյսը ոչ թէ միայն դրական սպասում է այլ առաքինութիւն մը յանձնարարութեան՝ որ շօշափելի գործողութիւններ կը խնդրէ ընդհանուր բարօրութեան համար ու այս ընդհանուր բարիքը կը տարածուի տարբեր իրականութիւններուն վրայ, ինչպէս գաղթականները, որոնք ստիպուած են վտանգաւոր ճամբորդութիւններ կատարելու, բանտարկեալները՝ որոնց համար Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ արժանավայել կերպով ապրելու պայմանները եւ մահապատիժի վերացումը։
Սուրբ Տարին տեսնուած է, որպէս վերածնունդի եւ անձնական ապաշխարութեան հնարաւորութիւն մը, այլ ոչ թէ որպէս կրօնական կամ զբօսաշրջային ձեռնարկ մը։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մաղթէ որ ուխտաւորները Սուրբ Դուռէն անցնին փնտռելով ոչ միայն հոգեւորութեան պահ մը այլ պարտաւորուին բարեսիրական գործողութիւններ կատարելու ինչպէս նաեւ իրենց կեանքի մասին մտածելու Աւետարանի լոյսին ներքոյ։
Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ կը յիշէ Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիի եւ Քարլօ Աքութիսի երկու սուրբերը քաջալերելով նոր սերունդները ապրելու տքնաջան սէր, ինչպէս նաեւ ծառայել ուրիշներուն՝ որպէս իրենց հաւատքի անբաժանելի մաս։ Այս շրջանակէն ներս Յոբելեանը հնարաւորութիւն է աւելի լաւ աշխարհի հանդէպ հաւատարմութեան, ուր յոյսն ու բարեգործութիւնը կը յայտնուին ամենօրեայ գործողութիւններուն կեդրոն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ