Ցուրտի եւ հարբուխի պատճառաւ Սրբազան Պապը Մարեմեան աղօթքը կը կատարէ Սանթա Մարթայէն
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը շաբաթ 21 դեկտեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` որուն միջոցաւ տեղեկացուց թէ «Սաստիկ ցուրտի պատճառաւ զուգահեռ անցեալ օրերուն ի յայտ եկած հարբուխի ախտանիշներուն, Կիրակի 22 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը Մարեմեան Աղօթքը պիտի գլխաւորէ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրէն, հաշուի առնելով նաեւ յառաջիկայ շաբաթուան մէջ նախատեսուած իր գործունէութիւնները։
Առաջին անգամը չէ որ Սրբազան Պապը այսպիսի որոշում կը կայացնէ Անցեալ տարուայ դեկտեմբերին եւս, թոքերու բորբոքումի պատճառաւ ան ստիպուած եղած էր փոխել իր օրակարգը ու հրաժարիլ Cop28ին առիթով Տուպայ կատարելիք ճամբորդութենէն եւ Մարեմեան աղօթքը արտասանած էր Սանթա Մարթայի իր բնակարանէն։
Ամենայնդէպս աղօթքը պիտի հեռարձակուի ուղիղ եթերով նաեւ Վատիկան Նիուզ կայքէջի միջոցաւ ու Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորները պիտի կարողանան անոր հետեւիլ հրապարակի վրայ զետեղուած պաստառներու միջոցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ