Կեղծաւորութիւն է խաղաղութեան մասին խօսիլը ու պատերազմը զինելը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Վատիկանի մէջ գումարուած վերջին սիւնհոդոսէն մի քանի օրեր ետք հարցազրոյց մը ունեցաւ Արժանթինեան «Orbe 21» հեռուստակայանի հետ զոր վարեց լրագրողուհի Մարինա Պերնարտա Լլորենթէ եւ որ կը հեռարձակուի այսօր` Ուրբաթ 20 Դեկտեմբերին, Յոբելենական տարւոյն բացման նախօրէին։ Հարցազրոյցը արձանագրուած է Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ7 որուն կեդրոնական նիւթը եղած են սիւնհոդոսը, բարեփոխումները ու Եկեղեցւոյ ապագան7 բայց նաեւ աշխարհի ընթացիկ իրադարձութիւնները սկսեալ պատերազմներէն զոր Սրբազան Պապը բազմիցս որակած է «մարդկութեան պարտութիւն»
Յայտնենք` որ «Orbe 21» թեմական հեռուստակայանը հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ երբ ինք Պուէնըս Այրըսի Արքեպիսկոպոս էր։
Հարցազրոյցին մէջ Քահանայապետը խոր մտահոգութիւն կ՛արտայայտէ «պատերազմի միջոցաւ ինքնաոչնչացման համաշխարհային հակումին ի տես» ու կեղծաւորութիւն կը համարէ խաղաղութեան մասին խօսիլը մինչ կը զինուին հակամարտութիւնները։ Ան ապա կ՜ընդգծէ, թէ ինչպէս խաղաղութեան ի սպաս կոչերը ապարդիւն կը թուան ու կը քննադատէ սպառազինութեան ու զէնքերու գործարաններու աշխոյժ գործունէութիւնը։
Խօսելով Ուքրանական պատերազմի մասին Ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ` թէ անհրաժեշտ է խաղաղութեան համաձայնութիւն մը, նկատել տալով սակայն, թէ երկրորդական հարցեր յաճախ կը խոչընդոտեն երկխօսութիւնը։ Ան ապա ի յայտ կը դնէ անմեղ զոհերուն տառապանքը, քննադատելով երիտասարդներ ճակատ ուղարկելու երեւոյթը ապա մատնանշում կ՛ընէ միջազգային հաստատութիւններու տկարութեան ու իսկական երկխօսութեան մը պակասին։
Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ հուսկ կրօններու միջեւ հաստատելու երկխօսութիւն ու յարգանք մինչ կը դատապարտէ ժխտողականութեան երեւոյթը ու ատելութեան վերաբերմունքները` զանոնք նկարագրելով որպէս «թունաւոր»։
Ան ապա կը հրաւիրէ խոկալու անցեալի սխալներուն համար ներողութիւն խնդրելու կարեւորութեան վրայ, ինչպէս ինք ըրաւ Քանատա կատարած ճամբորդութեան ընթացքին, ներում հայցելով տեղացի բնիկ ժողովուրդներէն։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ կը շեշտէ Եկեղեցւոյ մէջ փոխադարձ ունկնդրութեան անհրաժեշտութիւնը Սիւնհոդոսը նկատելով որպէս հնարաւորութիւն դիմագրաւելու համար ժամանակակից հարցերը
Քահանայապետին համար Եկեղեցին պէտք է ըլլայ ներառող ու մօտեցնող ու խօսելով կրթական համակարգի մասին «ծրագրուած ինքնասպանութիւն» կը համարէ կրթութեան ոլորտին մէջ որոշ երկիրներու կրթութեան սահմանուած «խնայողութիւններու քաղաքականութիւնը»։
Ի վերջոյ խօսելով յառաջիկայ Յոբելեանի մասին ան կը մաղթէ որ միայն որպէս զբօսաշրջութեան առիթ չի համարուի այլ ըլլայ իսկական նորոգումի ու ներումի պահ մը։
Հարցազրոյցի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը խօսի նաեւ արհեստական բանականութեան սպառնալիքներու մասին, ընդգծելով` զանոնք մարդկային չափանիշերով դիմագրաւելու կարեւորութիւնը ու կը խրախուսէ արժանթինի ժողովուրդը պաշտպանելու սեփական իրաւունքները ու պայքարելու խուսափիք գաղափարախօսութիւններու դէմ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ