Որոնել

A view of a new baptistery designed by French artist and designer Guillaume Bardet at Notre-Dame de Paris cathedral, in Paris

Թող` որ այս հիասքանչ եկեղեցւոյ վերածնունդը ըլլայ Ֆրանսայի Եկեղեցւոյ նորոգման մարգարէական նշան. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին պատգամը Փարիզի Նոթր Տամ տաճառի վերաբացման առիթով: Սիրելի Ֆրանսայի հաւատացեալներ այս բնակարանը ձեռն է եւ դուք անոր կենդանի քարերն էք.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 7 դեկտեմբերի երեկոյեան` հինգ տարուայ վերաշինութեան աշխատանքներէն ետքը տեղի ունեցաւ Փարիզի Նոթր Տամ Աստուածամօր նուիրուած տաճարին վերաբացումի արարողութիւնը, որուն առիթով Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց Փարիզի Արքեպիսկոպոս Գերապ. Լորան Ուրլիքին, որուն սկիզբը ուրախութիւն յայտնեց «աղօթքով ու մտածումով» միանալու արարողութեան բոլոր մասնակիցներուն, յիշելով հինգ տարի առաջ տեղի ունեցած ահռելի հրդեհը` որ ծանրապէս վնասած էր այդ սրբավայրը։

Հաւատքի եւ ճարտարապետութեան գլուխգործոց

«Մենք ցաւ զգացինք՝ ի տես այն վտանգին ականատես ըլլալու քրիստոնէական հաւատքի և ճարտարապետութեան գլուխգործոցի անհետացման, որ վկայութիւնն է ձեր ազգային բազմադարեան պատմութեան» գրեց Քահանայապետը ապա աւելցուց. «Այսօր տխրութիւնն ու ողբը իրենց տեղը կը զիջին ուրախութեան, տօնակատարութեան և փառաբանութեան»։

Ան ապա յարգանքի տուրք մատուցեց բոլոր անոնց` որոնք քաջութեամբ գործեցին այս պատմական կառոյցը ազատելու կործանումի վտանգէն, երախտագիտական խօսք արտայայտելով նաեւ պետական ​​իշխանութիւններու վճռական յանձնառումին համար, ինչպէս նաև միջազգային առատաձեռնութեան մեծ պոռթկումին, որուն շնորհիւ կատարուեցաւ տաճարին վերականգնումը։

Տակաւին ընկալուած սուրբ արժէքներ

«Այս մէկը նշան է` ոչ միայն պատմութեան ու արուեստի կառչումին այլ նաեւ այն բանին` թէ այս կառոյցի խորհրդանշական ու սուրբ արժէքը տակաւին ընկալուած է փոքրերէն մինչեւ մեծերը» նշեց Նորին Սրբութիւնը արժեւորելով նաեւ մասնագէտներուն ու աշխատաւորներուն ժրաջան գործունէութիւնը, որոնք մեծ նուիրումով գործեցին «Նոթր Տամին վերադարձնելու իր հմայքը»։

Նորոգման մարգարէական նշան

«Թող` որ այս հիասքանչ եկեղեցւոյ վերածնունդը ըլլայ Ֆրանսայի Եկեղեցւոյ նորոգման մարգարէական նշան: Ես կը հրաւիրեմ բոլոր մկրտուածները, որոնք ուրախութեամբ պիտի մտնեն այս Մայր տաճար, զգալու օրինական հպարտութիւն և վերականգնելու իրենց հաւատքի ժառանգութիւնը» գրեց հուսկ Սրբազան Պապը ու խօսքը ուղղելով «Փարիզի ու Ֆրանսայի հաւատացեալներուն», յայտնեց թէ «այս բնակարանը ձեռն է եւ դուք անոր կենդանի քարերն էք։ Հաւատքի մէջ ձեզ կանխողները զայն կառուցեցին ձեզի համար եւ անոր մէջ պարունակուած անհամար պատկերներն ու խորհրդանիշները նախատեսուած են ձեզի համար, որպէսզի ձեզ աւելի ապահով առաջնորդեն դէպի մարդեղացած Աստուծոյ հետ հանդիպումին և վերագտնէք Անոր անսահման սէրը»:

Բաց դռներ առաջարկելու առատաձեռն և եղբայրական ընդունելութիւն

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը ակնարկեց տարբեր կրօնի, ցեղի ու մշակոյթի պատկան բազմաթիւ այցելուներուն, որոնք պիտի մտնեն տաճար մաղթելով, որ անոր դռները միշտ բաց մնան բոլորին առջեւ, առաջարկելով առատաձեռն և եղբայրական ընդունելութիւն:

«Քրիստոնէական համայնքի վկայութեան շնորհիւ անոնք թող կարողանան ընկալել անոր փառաբանական աղօթքին մէջ տիրող խաղաղութիւնը, ճաշակել ուրախութիւնը ճանչնալու ու սիրելու Տէրը, որ դարձաւ մօտիկութիւն, քնքշութիւն ու կարեկցանք։ Թող անոնք, իրենց հայեացքն ուղղելով դէպի լոյսը վերագտած այդ կամարները, կիսեն անոր անպարտելի յոյսը», գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամի աւարտին Ֆրանսայի Եկեղեցւոյ ու համայն ֆրանսայի ժողովուրդին վրայ հայցելով Նոթր Տամ Տը Փարիի հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2024, 20:16