Որոնել

2021.09.17 The Last 20 bambini africa fame dolore povertà madre

Անհրաժեշտ են մշակութային ու կառուցուածքային փոփոխութիւններ. Խաղաղութեան համաշխարհային Օր

Այս տարուան սկիզբը մենք պէտք է մենք մեզ դնենք մարդկութեան աղաղակին ունկնդրութեան տակ, որպէսզի բոլորս միասին և անձամբ կոտրենք անարդարութեան շղթաները՝ հռչակելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը։ Ասոր համար անհրաժեշտ են մշակութային և կառուցուածքային փոփոխութիւններ` որպէսզի կարելի ըլլան տեւական փոփոխութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2025ի Խաղաղութեան 58րդ համաշխարհային օրուան պատգամը` Օր, որ ամէն տարի կը յիշատակուի մէկ Յունուարին եւ որուն այս տարուայ բնաբանն է «Ներէ մեզի մեր պարտքերը, տուր մեզի քու խաղաղութիւնդ»։

Պատգամը ներկայացուեցաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։

Ան բաղկացած է չորս գլուխներէ. «Ունկնդրելով վտանգուած մարդկութեան ճիչը։ Մշակութային փոփոխութիւն. բոլորս ալ պարտապան ենք։ Յոյսի ճանապարհ՝ երեք հնարաւոր գործողութիւններ։ Խաղաղութեան նպատակը» ու կ՛աւարտի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին մէկ աղօթքով։

Ունկնդրելով վտանգուած մարդկութեան ճիչը

«Երկնային Հօր կողմէն մեզի տրուած այս նոր տարուայ լուսաբացին, որ յոյսին նուիրուած Յոբելենական ժամանակ է, ես խաղաղութեան ամենա-անկեղծ մաղթանքներս կ՛ ուղղեմ իւրաքանչիւր կնոջ և մարդու, յատկապէս անոնց, որոնք իրենք զիրենք նուաստացած կը զգան իրենց գոյութենական վիճակի պատճառաւ, դատապարտուած սեփական սխալներով, ջախջախուած ուրիշներու դատողութիւնէ և այլևս չեն կարող սեփական կեանքի հեռանկար մը տեսնել: Ձեզի բոլորիդ յոյս և խաղաղութիւն, որովհետեւ ասիկա Շնորհքի Տարի է որ կը բխի Փրկչին Սրտէն»։ Այս խօսքերով է` որ կը սկսի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2025ի խաղաղութեան պատգամը որուն մէջ Ան ակնարկելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տօնախմբած Յոբելենական տարւոյն կը նշէ, թէ «յոբելեանի» տօնախմբութիւնը հրէական հինաւուրց աւանդութիւն մըն է, երբ «խոյի շչակի ձայնը (եփրայերէն Եոպել) քառասունինը տարին անգամ մը կ՛ազդարարէր ողջ ժողովրդի ներումի և ազատագրութեան տարին... Շչակի այդ ձայնը բոլոր մարդոց՝ հարուստ և աղքատ, կը յիշեցնէր, թէ ոչ ոք աշխարհ եկած է ճնշուած ըլլալու համար. մենք եղբայրներ և քոյրեր ենք, նոյն Հօր զաւակները՝ ծնած ազատ ըլլալու համար, Տիրոջ կամքին համաձայն»։

«Այսօր եւս Յոբելեանը ձեռնարկ մըն է` որ մեզ կը ստիպէ համայն աշխարհի վրայ որոնելու Աստուծոյ ազատագրող արդարութիւնը։ Եւ Շչակին տեղ այս Շնորհքի Տարուան սկիզբը, մենք կ՛ուզենք մենք մեզ դնել «Օգնութեան յուսահատ աղաղակ»ի ունկնդրութեան մէջ» կը գրէ Սրբազան Պապը:

Ասկէ մեկնելով Ան ապա կը մատնանշէ ժամանակակից անարդարութիւններուն, ինչպիսիք են գաղթականներուն նկատմամբ վերաբերմունքը, բնութեան ապականումը, կաշառակերութիւնը, անհաւասարութիւնները, ապատեղեկատուութեան յառաջացուցած շփոթութիւնը, երկխօսութեան մերժումը, ու ռազմական արդիւնաբերութեան ֆինանսաւորումները, որոնք բոլորն ալ իսկական սպառնալիք մըն են համայն մարդութեան գոյութեան համար։

Մշակութային փոփոխութիւն. բոլորս ալ պարտապան ենք։

«Յոբելենական այս ձեռնարկը մեզ կը հրաւիրէ ի գործ դնելու տարբեր փոփոխութիւններ` դիմագրաւելու համար անարդութեան ու անհաւասարութեան երեւոյթները, մեզի յիշեցնելով` որ հողը ու անոր բարիքները կը պատկանին ոչ թէ առանձնաշնորհեալ որոշ անձերու այլ բոլորին» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ մարդկային ապերախտութեան, որուն հետեւանքով մարդս չի ճանչնար Աստուածային բարիքները, թէեւ «Տէրը իր անսահման ողորմութեամբ չի լքեր մեղքի մէջ ինկած մարդիկը ու կը վերահաստատէ, թէ փրկութեան ներումը շնորհուած է բոլորին, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Ասոր համար է` որ Յիսուս մեզի սորվեցնելով «Հայր մերը» կը հրաւիրէ խնդրելու մեր «պարտքերուն ներումը»։

Պարտքային ճգնաժամը

Սրբազան Պապը առ այդ կը հրաւիրէ դիմելու մշակութային կառուցուածքային փոփոխութեան, լուծելու պարտքային ճգնաժամը, որ յաճախ կը ճնշէ ու կը ջախջախէ ամենա-աղքատ երկիրները, տրուած ըլլալով, որ անիկա դարձած է «հսկողութեան գործիք» մը, որուն միջոցաւ աւելիով հարուստ որոշ երկիրներու կառավարութիւններ ու անձնական ֆինանսական հաստատութիւններ կը շահագործեն աւելիով աղքատ երկիներուն բնական ու մարդկային կենսամիջոցները։

Այս փոփոխութիւնը կարելի է այն պահուն երբ մենք բոլորս իրար զիրար ճանչնանք, որպէս միակ Հօր զաւակներ ու Անոր առջեւ խոստովանինք բոլոր մեր մեղքերը...որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ հասկնանք` թէ «մենք պէտք ունինք ու պարտապան ենք մէկը միւսին»։

Յոյսի ճանապարհ՝ երեք հնարաւոր գործողութիւններ

«Եթէ մենք թոյլ տանք` որ անհրաժեշտ փոփոխութիւնները դպչին մեր սրտին Յոբելեանի Շնորհքի Տարին կարող է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար բանալ յոյսին ճանապարհը։ Յոյսը կը ծնի Աստուծոյ ողորմութեան փորձառութենէն, որ միշտ ալ անսահման է», կը գրէ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, թէ Աստուած հաշուի չ՛առներ մարդու գործած չարիքները այլ լի է ողորմութեամբ, ուստի բաւարար պիտի ըլլար այս տարուան սկիզբը կանգ առնել պահ մը ու մտածել շնորհքի մասին, որով Տէրը ամէն անգամ կը ներէ մեր մեղքերը եւ կը թողու մեր պարտքերը, որպէսզի մեր սիրտը հեղեղուին յոյսով և խաղաղութեամբ:

«Ասոր համար Յիսուս «հայր մեր» աղօթքին մէջ պահանջկոտ արտայայտութիւն մը կը դնէ, մեր Հօրմէն հայցած պարտքերու ներումէն ետքը` «այնպէս ինչպէս մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն»։ Արդարեւ միւսներու պարտքերը ներելու ու անոնց յոյս ներշնչելու համար, պէտք է, որ սեփական կեանքն ալ ըլլայ լեցուն այդ նոյն յոյսով, որ կը հասնի Աստուծոյ ողորմութենէն» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան առ այդ կ՛առաջարկէ երեք գործնական գործողութիւններ՝ նախ «միջազգային պարտքի կրճատում կամ ներում։ Թող որ աւելիով հարուսր երկիրները իրենք զիրենք կոչուած զգան կրճատելու կամ ներելու համար այն երկիրներուն պարտքերը, որոնք անկարող են զանոնք վճարելու։

Երկրորդ յատուկ յանձնառում մարդկային արժանապատուութեան խթանումին ու կեանքի նկատմամբ յարգանքին, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ կարողանայ սիրել իր կեանքը եւ յոյսով դիտել ապագան, իր եւ իր զաւակներուն համար փափաքելով երջանկութիւն ու բարօրութիւն։ Առանց յոյսի արդարեւ դժուար է` որ երիտասարդներու սրտին մէջ ծնունդ առնէ նոր կեանքեր ստեղծելու իղձը», կը հաստատէ Քահանայապետը, որ ապա շեշտեց կեանքը պաշտպանելու կարեւորութիւնը` մատնանշելով մահապատժի վերացման հարցին, որ կ՛ «ոչնչացնէ ներումի ու նորոգումի որեւէ մարդկային յոյս»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ առաջարկեց այլ կոչ մը` այն է «միջոցներու յատկացում սովի դէմ պայքարի և կայուն զարգացման համար»:

«Սպառազինութեան մէջ օգտագործուող գումարի գոնէ ճշտուած տոկոս մը յատկացնել համաշխարհային Հիմնադրամ մը ստեղծելու համար, որ վերջնականապէս վերացնէ սովը և դիւրացնէ աղքատ երկիրներուն մէջ կրթական գործունութիւնը, որ մղուած ըլլայ խթանելու կայուն զարգացումը ու պայքարելու կլիմայի փոփոխութեան դէմ» կը գրէ Սրբազան Պապը։

Խաղաղութեան նպատակը

Ի վերջոյ Ան կը հաստատէ` թէ իսկական խաղաղութիւնը կը ծնի ապազինուած սրտէ մը ու կը հրաւիրէ բոլորը սատարելու յոյսի ուղեւորութեան։

Թող 2025ն ըլլայ խաղաղութեան աճումի տարի։ Իսկական ու մշտական խաղաղութիւն մը, որ կանգ չ՛առներ մարդկային փոխզիջումներու սեղաններուն շուրջը։ Որոնենք իսկական խաղաղութիւնը, որ պարգեւուած է Աստուծմէ ապազինուած սրտին... եւ սրտերուն ապազինումը բոլորը ներգրաւող արարք մըն է, շատ անգամ բաւարար է ժպիտ մը, բարեկամական քայլ մը, եղբայրական հայեացք մը, անկեղծ ունկնդրութիւն, ձրի ծառայութիւն։ Փոքր ու մեծ ժեստեր` որոնք մեզ կը մօտեցնեն խաղաղութեան նպատակին, որուն կարող ենք հասնիլ աւելի արագ, որքանով որ մենք մեզ կը վերագտնենք փոխուած։

Խաղաղութիւնը արդարեւ ձեռք չի բերուիր միայն պատերազմի աւարտով այլ նոր աշխարհի մը սկիզբով, աշխարհ` որուն մէջ մենք մեզ կը վերագտնենք տարբեր, աւելի միացած ու աւելի եղբայրներ։

«Խաղաղութիւնդ տուր մեզի Տէր». Այս է աղօթքը` զոր կը բարձրացնեմ Աստուծոյ, մինչ նոր տարուայ շնորհաւորութիւններս կ՛ուղղեմ Կառավարութիւններու Ղեկավարներուն ու Միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն ու տարբեր կրօններու առաջնորդներուն ու բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց։

Ներէ մեզի Տէր մեզ մեր պարտքերը,

այնպէս ինչպէս մենք կը ներենք ք մեր պարտապաններին,

և այս ներման շրջանակին մէջ շնորհէ մեզ քու խաղաղութիւնդ,

այն խաղաղութիւնը, որ միայն Դուն կարող ես տալ

անոր, որ թոյլ կու տայ զինաթափել սիրտը,

անոր որ յոյսով կ՛ուզէ ներել իր եղբայրներուն պարտքերը,

անոր որ անվախօրէն կը խոստովանի թէ ինք Քեզի պարտապան է,

անոր որ խուլ չի մնար ամենաաղքատներու աղաղակին դիմաց:

Տուեալ ի Վատիկան` 8 դեկտեմբերի 2024

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2024, 11:30