Քահանայապետին Անարատ Յղացեալին ուղղած աղերսական աղօթքը` Սպանիայի հրապարակին վրայ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 8 դեկտեմբեր 2024-ի կէսօրէն ետքը ժամը 3,15 անց, Անարատ Յղութեան տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնելով Վատիկանէն նախ այցելութիւն տուաւ իր սրտին շատ խօսող Տիրամօր նուիրուած Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա ուր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի (Հռոմի ժողովուրդին փրկութիւն) սրբապատկերին առջեւ զետեղեց ծաղկեփունջ մը պահ մը ամփոփուելով աղօթքի մէջ։ Ան ապա փոխադրուեցաւ Հռոմի Սպանիա հրապարակ աւանդութեան համաձայն մեծարելու համար՝ Սպանիա հրապարակին կից գտնուող «Փիացցա Մինկանելլիի» վրայ զետեղուած Տիրամօր արձանը։ Աւանդութիւն` որ սկիզբ առած է 1953-ին ու կը յատկանշէ Քահանայապետերու յատուկ կապը Հռոմ քաղաքին հետ։
Յայտնենք, որ սոյն տօնը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի հռոմաբնակ հաւատացեալներուն համար, որոնցմէ շատերը 8 դեկտեմբերին կը փութան մեծարելու Սուրբ Կոյսը, փունջ մը ծաղիկ զետեղելով անոր ոտքին։ Անոնց շարքին են յատկապէս Հռոմի հրշէջները, որոնք ի յիշատակ իրենց 220 գործընկերներուն, որոնք 8 դեկտեմբեր 1857ին բացումը կատարած էին արձանին, առաջինները կը հանդիսանան որոնք կը մեծարեն Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանը, որ կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։
Հրապարակ ժամանելուն Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսին ու Հռոմի Քաղաքապետի կողմէ ապա կանգ առնելով Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ արձանի ոտքին, որ զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ կոթողի մը վրայ, Անոր դիմեց հետեւեալ աղօթքով.
Անարատ Յղացեալ Կոյս
Մայր, Անարատ Յղացեալ Մայր,
Այսօր քու տօնդ է ու մենք կը համախմբուինք քու շուրջդ։
Ծաղիկները զոր քեզի կը նուիրենք կ՛ուզեն արտայայտել
մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը։
Բայց դուն կը տեսնես ու կը գնահատես թաքուն ծաղիկները`
որոնք են` աղօթքները, հառաչները, նաեւ արցունքները,
յատկապէս փոքրերուն եւ աղքատներուն արցունքները։
Նայիր անոնց, Մայր , նայիր անոնց։
Մայր մեր, Հռոմը կը պատրաստուի նոր Յոբելեանի մը,
որ պիտի ըլլայ յոյսի պատգամ մը մարդկութեան համար,
որ կը տառապի ճգնաժամերու ու պատերազմներու բերումով։
Ահա թէ ինչու քաղաքին մէջ ամենուր կան շինարարական գործեր,
եւ ասիկա – դուն գիտես – կը յառաջացնէ անյարմարութիւններ
բայց եւ այնպէս նշան է, թէ Հռոմը կենդանի է,
Հռոմը կը նորոգուի, կը փորձէ յարմարիլ կարիքներուն,
որպէսզի ըլլայ աւելի հիւրընկալ և աւելի գործնական։
Քու հայեացքդ սակայն կը տեսնէ նաեւ աւելի անդին
եւ ինծի կը թուայ, որ կը լսեմ ձայնդ,
որ իմաստութեամբ մեզի կ՛ըսէ. «Զաւակներս,
լաւ են այդ շինարարական աշխատանքները, բայց ուշադիր եղէք.
Մի մոռնաք հոգիին շինարարութիւնները։
Իսկական Յոբելեանը ներսն է,
ձեր սրտերուն մէջ է, կ՛ըսես դուն։
ձեր ընտանեկան ու ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ։
Ներսն է, ուր պէտք է աշխատինք նախապատրաստելու համար
Տիրոջ ճանապարհը որ կու գայ»:
Եւ ասիկա լաւ հնարաւորութիւն է լաւ խոստովանանք մը կատարելու համար
եւ բոլոր մեղքերու թողութիւնը խնդրելու համար։ Աստուած կը ներէ ամէն ինչ,
Աստուած միշտ կը ներէ, միշտ:
Անարատ Յղացեալ, Մայր` շնորհակալ ենք քեզի։
Քու այս յանձնարարութիւնդ լաւ է մեզի համար,
անոր մեծ կարիքը ունինք, որովհետև առանց ուզելու,
վտանգը կայ, որ մենք ամբողջութեամբ ներգրաւուինք կազմակերպութիւններով,
գործերով, և այդպիսով Սուրբ Տարուան շնորհքը, որ ժամանակն է հոգևոր վերածնունդի,
ժամանակ է ներումին և ընկերային ազատագրութեան,
այս յոբելենական շնորհքը կարող է խեղդուիլ, բայց Քաղաքապետը լաւ կը պատրաստէ ամէն ինչ
որպէսզի այս Սուրբ Տարին, ըլլայ բարի։ Աղօթենք քաղաքապետին համար որ շատ կ՛աշխատի։
Վստահաբար, դուն ներկայ էիր Նազարէթի ժողովարանին մէջ,
այն օրը, երբ Յիսուս առաջին անգամ քարոզեց իր քաղաքի մարդոց։
Ան կարդաց Եսայի Մարգարէի գիրգը.
«Տիրոջ Հոգին վրաս է.
որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝
աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու,
սրտաբեկները մխիթարելու,
գերիներուն ազատութիւն բերելու,
կոյրերուն աչքերը բանալու,
հարստահարուածները ազատելու
եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին » (Ղուկ 4,18-19)։
Ան ապա իր տեղը վերադարձաւ եւ ըսաւ. «Այսօր այս ձեր լսածը կատարուեցաւ»։
Եւ դուն Մայր այնտեղ էիր, այդ զարմացած մարդոց միջեւ
Հպարտ էիր Անորմով, Քու Զաւկովդ,
ու միեւնոյն ժամանակ կը կանխագուշակէիր ողբերգութիւնը
փակման ու նախանձին, որ բռնութիւն կը յառաջացնէ։
Դուն անցար այդ ողբերգութենէն
ու միշտ ալ կ՛անցնիս անոր մէջէն, քու անարատ սրտովդ,
լեցուած Յիսուսի Սրտին սիրով։
Մայր ազատէ մեզ նախանձէն, ըրէ որ բոլորս ըլլանք եղբայրներ, որոնք իրար կը սիրեն։
Առանց նախանձի։ Նախանձը, դեղին ու գէշ թերութիւնն է որ ամէն բան կը կործանէ ներսէն։
Եւ այսօր եւս Մայր դուն մեզի կը կրկնես. «Մտիկ ըրէք Յիսուսին։
Մտիկ ըրէք եւ ըրէք այն ինչ որ ձեզի կ՜ըսէ» (հմմտ Յովհ. 2,5).
Շնորհակալութիւն Մայր, շնորհակալութիւն Սուրբ Մայր։ Դարձեալ շնորհակալութիւն,
որովհետեւ այս յոյսով աղքատ ժամանակին
դուն մեզի կու տաս Յիսուսը` մեր յոյսը։
Շնորհակալութիւն Մայր։
Յայտնենք` որ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց տեղեկատւութիւն մը` որուն մէջ նշեց թէ Սպանիա հրապարակին վրայ Անարատ Յղութեան կատարած աղօթքէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրուեցաւ «Վիա տէլ Քորսօ»ի վրայ գտնուող «Չիփոլլա» պալատ` ուր ցուցադրուած են Շակալի ստեղծագործութիւնները, այցելելով Սպիտակ Խաչելութիւնը` որ իրեն սրտին խօսող ստեղծագործութիւն մըն է»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ