Սրբազան Պապին եզրափակիչ շնորհակալական խօսքը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այաչչոյի «Place d’Austerlitz» հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց շնորհակալական խօսք մը ուղղել ներկաներուն, որուն մէջ առաջին շնորհակալութիւնը յայտնեց Կարդինալ Պուսթիլլլոյին իրեն ուղղած ազնիւ խօսքերուն համար ու նաեւ «օրուան համար` որուն ընթացքին ես ինձ զգացի իմ տանս մէջ», ըսաւ Քահանայապետը ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց` որ տարբեր ձեւերով պատրաստեցին այս այցելութիւնը, քաջալերելով զանոնք յառաջ ընթանալու «ներդաշնակութեամբ, տարբերութիւններուն մէջ` որ բաժանում չէ» յարեց ան, հրաւիրելով համագործակցիլ միշտ` ի նպաստ հասարակաց բարիքին։
Սրբազան Պապը ողջոյն ուղղեց եւ օրհնեց հիւանդները, միայնակ տարեցներն ու բանտարկեալներ հայցելով` որ Այաչչոյի պաշտպան Սրբուհի «Մատոնուչչան» Սուրբ Կոյս Մարիամը, մխիթարութիւն ու յոյս պարգեւէ բոլոր անոնց` որոնք կը տառապին։ «Եղէք մօտիկ տարեցներուն, հիւանդներուն, անոնց` որոնք կարիքի մէջ են» ըսաւ Ան ու աւելցուց «եղբայրներ եւ քոյրեր Յիսուս Քրիստոսին Աւետարանը ձեզ թող օգնէ միշտ բաց սիրտ մը ունենալու աշխարհին հանդէպ, ձեր աւանդութիւնները պաշտպանուելիք ու մշակուելիք հարստութիւն են, ոչ թէ որպէսզի կղզիանաք այլ ընդհակառակը, միշտ ի նպաստ հանդիպումին ու բաժնեկցութեան» յարեց ապա Քահանայապետը, բարի ուղեւորութիւն մաղթելով բոլորին` դէպի Սուրբ Ծնունդ։
Սուրբ Պատարագէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Այաչչոյի օդակայան ուր նախատեսուած էր անոր հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի հետ, որով իր աւարտին կը հասնի Նորին Սրբութեան մէկ օր տեւած 47-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ