Որոնել

«Աշխարհիս յոյսը եղբայրութեան մէջ է». Սրբազան Պապին 2024ը եզրափակած արարողութեան քարոզը

Եղբայրական աշխարհի մը յոյսը գաղափարախօսութիւն չէ, տնտեսական համակարգ չէ, արհեստագիտական առաջընթաց չէ։ Ո՛չ: Եղբայրական աշխարհի յոյսը Ինքն է, մարմնացած Որդին, ուղարկուած Հօր կողմէ, որպէսզի մենք բոլորս կարողանանք դառնալ այն, ինչ որ ենք, այսինքն՝ երկնքի մէջ գտնուող Հօր զաւակներ, հետևաբար՝ եղբայրներ և քոյրեր
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ասիկա ժամն է շնորհակալութեան եւ ուրախութիւնն ունինք զայն ապրելու տօնելով Աստուածամայրը, Ան որ իր սրտին մէջ կը պահպանէ Յիսուսին խորհուրդը ու այս խորհուրդի լոյսին ներքոյ մեզի կը սորվեցնէ կարդալ ժամանակներուն նշանները» այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ սկսաւ 31 դեկտեմբեր 2024 -ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ գլխաւորած ամավերջի ժամասացութիւնը եւ «Te Deum »ի գոհաբանական աղօթքը։

Տարին` որ կը փակուի, ըսաւ ապա Ան, Հռոմ քաղաքին համար եղաւ դժուար տարի մը ուր քաղաքացիները, ուխտաւորները, զբօսաշրջիկները ու բոլոր անոնք որոնք Հռոմէն անցան փորձարկեցին Յոբելեանը կանխող բնորոշ փուլը` մեծ ու փոքր շինհրապարակներու բազմապատկութեամբ։ Այս գիշեր իմաստուն մտորումներու պահն է՝ նկատի առնելու, որ այս ամբողջ աշխատանքը, ի լրումն իր մէջ ունեցած արժէքի, ունեցած է իմաստ, որ կը համապատասխանէ Հռոմի սեփական կոչումին զոր կարելի է արտայայտել այսպէս. «Հռոմը կանչուած է ընկալելու բոլորը` որպէսզի բոլորն ալ իրենք զիրենք ճանչնան Աստուծոյ զաւակներ եւ եղբայրներ իրար միջեւ», ըսաւ Քահանայապետը

Ան ապա նշեց թէ «այս պահուն մենք կ՛ուզենք դէպի Աստուած բարձրացնել մեր երախտագիտութիւնը, որովհետև Ան թոյլ տուաւ մեզի աշխատիլ, եւ շատ աշխատիլ, և ամենէն առաջ, որովհետև Ան մեզի թոյլ տուաւ այդ մէկը կատարել` մեծ իմաստով ու լայն այն հորիզոնով, որ եղբայրութեան յոյսն է» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով Յոբելեանի բնաբանին «Յոյսի ուխտաւորներ» որ հարուստ է իմաստներով` որոնցմէ մին «եղբայրութիւնն» է` Յոյսի ճանապարհ զոր Քահանայապետը առաջարկեց «Fratelli tutti» շրջաբերականին մէջ։

Եղբայրութիւնը 

«Այս աշխարհիս յոյսը նաեւ եղբայրութեան մէջ է» շեշտեց Սրբազան Պապը գեղեցիկ նկատելով, որ Հռոմի մէջ վերջին շրջանին աշխատանքները կատարուեցան ճիշտ այս նպատակով` այսինքն «պատրաստուիլ հիւրընկալելու համայն աշխարհէն մարդիկ ու կիներ, կաթողիկէներ ու այլ դաւանանքներու քրիստոնեաներ, այլ կրօնի պատկան հաւատացեալներ, ճշմարտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան որոնողներ, բոլորն ալ եղբայրութեան ու յոյսի ուխտաւորներ»։

Հարց տալով հուսկ եթէ եղբայրական մարդկութեան մը յոյսը լոկ կարգախօս է կամ եթէ ունի «ժայռոտ» հիմք, որուն վրայ կառուցել կայուն ու մնայուն բան մը, պատասխանեց հրաւիրելով նայիլ Աստուածամօր որ մեզի ցոյց կու տայ Յիսուսը։

«Եղբայրական աշխարհի մը յոյսը գաղափարախօսութիւն չէ, տնտեսական համակարգ չէ, արհեստագիտական առաջընթաց չէ։ Ո՛չ: Եղբայրական աշխարհի յոյսը Ինքն է, մարմնացած Որդին, ուղարկուած Հօր կողմէ, որպէսզի մենք բոլորս կարողանանք դառնալ այն, ինչ որ ենք, այսինքն՝ երկնքի մէջ գտնուող Հօր զաւակներ, հետևաբար՝ եղբայրներ և քոյրեր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով երախտապարտութեամբ նայիլ քաղաքին մէջ աւարտին հասած աշխատանքներուն արդիւնքներուն շնորհակալութիւն յայտնենք բոլոր անոնց որոնք ժրաջան աշխատեցան իրականացնելու ծրագիրները, շնորհակալութիւն քաղաքապետին, ըսաւ Սրբազան Պապ ու հրաւիրեց ի նկատի առնել որ հիմնական շինհրապարակը կը ներգրաւէ մեզմէ իւրաքանչիւրս` եւ անիկա ան է «որուն մէջ ես ամէն օր Աստուծոյ թոյլ կու տամ որ իմ մէջս փոխէ այն ինչ որ արժանի չէ զաւակի մը, այսինքն այն ինչ որ մարդկային չէ» յարեց Սրբազան Պապը ու քարոզը աւարտեց հայցելով որ «Սուրբ Մայրը մեզի օգնէ քալելու միասին` որպէս յոյսի ուխտաւորներ եղբայրութեան ուղիին վրայ»։

«Թող Տէրը օրհնէ մեզ բոլորս, ներէ մեր մեղքերը եւ օգնէ որ յառաջ ընթանանք յառաջիկայ Յոբելեանի ընթացքին» եղան Նորին Սրբութեան քարոզը եզրփակող խօսքերը։

Սրբազան Պապը այցելեց Ս. Պետրոս հրապարակի մսուրը

Յայտնենք որ գոհաբանական աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած տօնածառը եւ Սուրբ Մսուրը պահ մը ամփոփուելով աղօթքի մէջ։ Մինչեւ Սուրբ մսուր հասնիլը Քահանայապետը ողջունեց հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալները մանուկներուն նուիրելով կոլոհաթէ կաղանդ պապիկներ մինչ մսուրին մօտ Զուիցերական պահակագունդի նուագախումբը կը ներկայացնէր Սուրբ Ծննդեան մեղեդիներ։

Նշենք թէ այս տարուայ մսուրը նուէրն է Կրատօ քաղաքին մինչ տօնածառը ժամանած է Լետրոյի անտարներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2025, 17:28