Ֆրանչիսկոս Պապ Պայտըն հեռախօսազրոյց
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ի տես Յունուար ամսուայ մէջ իր պաշտօնավարութեան աւարտին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն` երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին «Ծննդեան տօնախմբութիւններու ընթացքին խաղաղութիւնը խթանելու ջանքերը»։ Հեռաձայնային այս կապի մասին լուրը հրատարակեց Սպիտակ Տունը, նշելով նաեւ թէ Նախագահ Պայտընը «շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետին, անոր շարունակական ջանքերուն համար, սփոփելու համաշխարհային տառապանքները, ներառեալ անոր մարդկային իրաւունքներն ու կրօնական ազատութիւնը խթանելու աշխատանքին համար»։
Նախագահ Պայտըն ապա ընդունած է Սրբազան Պապին իրեն ուղղուած հրաւէրը այցելելու Վատիկանը յառաջիկայ Յունուար ամսուայ ընթացքին, նախ քան 20 Յունուարի ժամկէտը, որով վերջ կը գտնէ անոր նախագահութեան պաշտօնավարութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետին սրտին խօսող թեմաներէն մէկն է Միացեալ Նահանգներուն մէջ մահուան դատապարտուածներուն ճակատագիրը որուն առնչութեամբ Քահանայապետը մի քանի օրեր առաջ` 8 դեկտեմբերին Անարատ Յղութեան տօնին օրը, կոչ ուղղեց աղօթելու Միացեալ Նահանգներու բանտերուն մէջ արգելափակուած ու մահուան դատապարտուած բանտարկեալներուն համար, որպէսզի անոնց դատավճիռը փոխուի։ «Մտածենք մեր այս եղբայրներուն ու քոյրերուն ու Տիրոջմէ խնդրենք շնորհքը` որ զանոնք ազատէ մահէն» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, որուն կոչին միացան նաեւ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ