Որոնել

Pope Francis meets Lebanon's caretaker PM Mikati

Լիբանանի Վարչապետ Միքաթին Քահանայապետին մօտ

Սրբազան Պապը Միքաթիին նուիրեց «Սերունդներու միջև երկխօսութիւն» պրոնզէ քանդակը, ինչպէս նաև պապական փաստաթղթերու հատորներու և 2024 թուականի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ ուղերձը արաբերէնով, որ ստորագրեց այդ առիթով: Միքաթին Նորին Սրբութեան նուիրեց Անթոնին համալսարանի քահանայի մը Սուրբ Ծնունդը պատկերող ստեղծագործութիւնը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սրբազան Պապը` Ուրբաթ 13 դեկտեմբերի առաւօտեան Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Լիբանանի Վարչապետի պաշտօնակատար` Տիար Նաժիպ Միքաթին որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու եւ միջազգյաին կազմակերպութիւններու հետ յարբաերութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ  Ռիչըրտ Կալլակէր։

Սրբազան Պապին ու Վարչապետ Միքաթիին միջեւ առանձնազրոյցը տեւեց գրեթէ 20 Վայրկեան ու տեղի ունեցաւ Քահանայապետը առաքեալակն պալատի գրասենեակէն ներս որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։

Քահանայապետը Միքաթիին նուիրեց  «Սերունդներու միջև երկխօսութիւն» պրոնզէ քանդակը, ինչպէս նաև պապական փաստաթղթերու հատորներու և 2024 թուականի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ ուղերձը արաբերէնով, որ ստորագրեց այդ առիթով: Միքաթին Նորին Սրբութեան նուիրեց Անթոնին համալսարանի քահանայի մը Սուրբ Ծնունդը պատկերող ստեղծագործութիւնը:

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ժամանակ ըդնգխծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Լիբանանի միջեւ դիւնագիտական բարի յարաբաերութիւններու կարեւորութիւնը ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ և քրիստոնէական Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մայրիներու Երկրի ընկերատնտեսական իրավիճակին  մասին  որ յատկանշուած է նաեւ Հանրապետութեան Նախագահի  երկարատև բացակայութեամբ:

Գոհունակութիւն յայտնելով երկրի հարաւին մէջ  ձեռք բերուած հրադադարին համար և ակնկալելով անոր յետագայ ամրապնդման, յոյս վերահաստատուեցաւ, որ տարբեր կրօններու խաղաղ համակեցութիւնը կը շարունակէ բնութագրել Լիբանանի ինքնութիւնը և  օգնէ ու աջակցի Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2024, 11:30