Որոնել

2024.12.04 S.E. il SIgnor Viktor Orban, Primo Ministro della Repubblica di Ungheria

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Հունգարիոյ Վարչապետ Վիքթոր Օրպանը

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէներու փոխանակում եւ Քահանայապետը Վարչապետին նուիրեց «Քնքշուիւն ու սէր» վերնագրով յախճապակիէ գործ մը, Քահանայապետական փաստաթուղթերու հաւաքածոն, 2024ի Խաղաղութեան պատգամը, ապա 2020ի 27 Մարտի աղօթքին գրքոյկը։ Վարչպաետ Օրպան Սրբազան Պապին նուիրեց 1896ին հրատարակուած «Յիսուս Քրիստոսի կեանք» գիրքին մէկ նմուշը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Չորեքշաբթի 4 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորելը, Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճէն ներս ընդունեց Հունգարիոյ Հանրապետութեան Վարչապետ` Վիքթոր Օրպանը անոր հետ ունենալով առանձնական հանդիպումը որ տեւեց գրեթէ 35 վայրկեան։

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում եւ Քահանայապետը Վարչապետին նուիրեց «Քնքշուիւն ու սէր» վերնագրով յախճապակիէ գործ մը, Քահանայապետական փաստաթուղթերու հաւաքածոն, 2024ի Խաղաղութեան պատգամը, ապա 2020ի 27 Մարտի աղօթքին գրքոյկը։ Վարչպաետ Օրպան Սրբազան Պապին նուիրեց 1896ին հրատարակուած «Յիսուս Քրիստոսի կեանք» գիրքին մէկ նմուշը։

Վարչապետ Օրպան ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը Գերապ. Միրոզլաւ Վաչովսքին։

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը կայացաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին ընդգծուեցան երկկողմանի ամուր ու պտղաբեր կապերը ու գնահատանք արտայայտուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումին համար` խթանելու հունգարական ընկերութեան բարութիւնն ու զարգացումը։

Խօսակցութիւններու ընթացքին շեշտը դրուեցաւ Ուքրանիոյ պատերազմին վրայ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով պատերազմի մարդասիրական հարցերու հետեւանքները, ու խաղաղութիւն խթանելու ջանքերը։

Ապա քննարկուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող այլ հարցեր, ինչպէս Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Հունգարիոյ նախագահութիւնը, ընտանիքի կեդրոնանան դերը ու նոր երիտասարդ սերունդներու պաշտպանութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2024, 10:35