Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայի Հանրապետութեան նախագահին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Երկուշաբթի` 9 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայի հանրապետութեան Նախագահ Տիար Փիթըր Փելլեկրինիին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու ու Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր։
Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւ նշուած է, թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին ակնարկուեցաւ երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններու մասին ընդգծելով Սլովաքիոյ հասարակութեան ի նպաստ Եկեղեցւոյ ներդրումը։
«Ի վերջոյ, զրոյցները կենտրոնացան միջազգային իրականութեան վրայ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուկրանիայի և Մերձաւոր Արևելքի հակամարտութիւններուն» կը կարդանք միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ :
Քահանայապետին ու նախագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց 25 վայրկեան որմէ ետքը տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներու ներկայացումը ու նուէրներու փոխանակում։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ