Սրբազան Պապը Այաչչոյի մէջ աղօթքի արդարութեան ու պատասխանատուութեան խրախուսանքով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ըստ սովորութեան Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Քահանայապետի առաքելական 47րդ միջազգային ճամբորդութեան նախօրէին հարցազրոյց ունեցաւ Վատիկանի լրատուամիջոցներու փոխ տնօրէն եւ Ռատիօ Վատիկանի պատասխանատու Տիար Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթիի հետ մեկնաբանելով Սրբազան Պապին կիրակի 15 դեկտեմբերին Քորսիքա կղզիի Այաչչօ քաղաքին տալիք միօրեայ առաքելական այցելութիւնը ուր պիտի գլխաւորէ «Միջերկրականի մէջ Ժողովրդական Կրօնականութիւնը» համագումարի եզրափակիչ նիստը։
Գալստեան շրջանի ու Սուրբ Տարուան նախօրէին կազմակերպուած ճամբորդութիւն
«Սրբազան Քահանայապետին այս ճամբորդութիւնը տեղի կ՜ունենայ Գալստեան շրջանի ընթացքին ու 2025ի Սուրբ Տարուան բացման նախօրէին եւ ասոր համար կարող ենք զայն Սուրբ Պօղոսի Տիտոսին (2,12-15) ուղղած խօսքերով մեկնաբանել. «... զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ։ Ու սպասենք այն երջանիկ յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին փառքին յայտնուելուն։... Այդ բաները ըսէ՛ եւ յորդորէ՛ ու յանդիմանէ՛ սաստելով»։
«Սրբազան Պապը իր ներկայութեամբ կ՛ուզէ յիշեցնել ճիշտ այս պատասխանատուութիւնը զոր տեղական Եկեղեցին պիտի թարգմանէ գործնական ժեստերով» ըսաւ ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը դիտել տալով, որ այդ արարքները պէտք է ներշնչուին երեք հիմնական վերաբերումներէն որոնց ակնարկած է Պօղոս առաքեալը եւ որոնք քրիստոնեային աշխարհի մէջ վկայութեան ու կեանքին յատկանիշներն են. «Վարուիլ զգաստութեամբ, Արդարութեամբ եւ գթութեամբ» նշեց Կարդինալ Փարոլինը բացատրելով` որ «պատասխանատուութիւնը կը նշանակէ անձնական ու հասարակական դարձ, մեր հոգին դարձեալ ուղղել դէպի Տէրը որ կու գայ, որպէսզի իրագործենք նոր կեանքին հրաշքը ու նաեւ նոր ընկերութեան եւ նոր աշխարհի մը հրաշքը»։
Ժողովրդական բարեպաշտութիւնը աւետարանող ուժ
Այն հարցումին թէ ինչ պտուղներ կարելի է սպասել Միջերկրականի ժողովրդական կրօնականութեան նուիրուած համագումարէն Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց Քահանայապետին երկխօսութեան, «հանդիպումի մշակոյթին» ու միութեան տուած մեծ կարեւորութեան ինչպէս նաեւ անոր ժողովրդական պաշտամունքին ու կրօնականութեան նկատմամբ դրսեւորած ուշադրութեան, այս ծիրէն ներս յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապին Evangelii Gaudium (թիւ 122-126) առաքելական յորդորագիրին որուն մէջ Ան «ժողովրդական բարեպաշտութիւնը կը նկատէ աւետարանող ուժ որ կը թաքնեցնէ խոր հաւատք մը որ կ՛արտայայտուի աւելի խորհրդանշական քան մտային կերպով բայց ոչ առանց աստուածաբանական բովանդակութեամբ»:
«Ֆրանչիսկոս Պապը մեզ կը հրաւիրէ իր հիւանդ երախայի համար վարդարանը աղօթող մօր, թափօրներու եւ ուխտագնացութիւններուն մէջ սուրբերուն ու խաչեալին ուղղուած ինքնաբուխ աղօթքներուն մէջ, Տիրամօր նուիրուած պաշտամունքին մէջ տեսնել... փոքր-մեծ միսիոներական ժեստեր, որոնք կը վկայեն խաչուած և յարութիւն առած Քրիստոսի հանդէպ մեծ սիրոյ և մեծ վստահութեան մասին» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը:
Ֆրանսայի նախագահի հետ հանդիպումը
Այն հարցումին թէ ինչ նիւթերու մասին կարող են խօսիլ Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոնն ու Քահանայապետը ճամբորդութեան առիթով իրենց ունենալիք հանդիպումի ընթացքին Կարդինալ Փարոլինը ըսաւ, թէ տակաւին չի գիտեր ինչ նիւթ պիտի արծարծուի սակայն կարող է երեւակայել թէ խաղաղութեան նիւթը կեդրոնական կարող է ըլլալ …. կրնամ նաեւ երեւակայել որ Քահանայապետը անգամ մը եւս պիտի հաստատէ թէ միջերկրական մեր ծովը պէտք չէ դառնայ «մեր գերեզմանը» անոնց համար` որոնք կ՛որոնեն աւելի լաւ ապագայ մը։
«Առ այդ հարցը այն է` թէ ինչպէս հիւրընկալել այս մեր մարդկայնութեան մէջ եղբայրներն ու քոյրերը, անոնք` որոնք կը թակէն մեր դուրը ու յաճախ կը մասնակցին մեր երկիներուն մէջ ընկերային ու տնտեսական կեանքի կառուցումին» նկատել տուաւ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը հաստատելով` որ այս «վերաբերմունքը առիթ կու տայ հաստատելու կանոններ, պահանջելու մեր օրէնքներուն ու ընկերային եւ մշակութային հաւասարակշռութիւններուն յարգանքը ու ամէնակարեւորը աշխատելու ծագման երկիրներուն հետ, որպէսզի անոնց զաւակները կարողանան մնալ այնտեղ ու գտնել իրենց կեանքին համար կարեւոր միջոցները, ապրելու համար քաղաքացիներու արժանապատուութեամբ»։
Կղերական դասին հետ հանդիպումը
Քահանայապետին կղերական դասին հետ նախատեսուած հանդիպումի մասին արտայայտուելով Կարդինալ Փարոլին նշեց` թէ շատ հաւանական է, որ Սրբազան Պապը քաջալերէ եւ անոնց աջակցի իր մօտիկութեամբ, Եկեղեցւոյ առաքելական յանձնառումին մէջ, խրախուսելով ըլլայ հաւատացեալ աշխարհը ըլլայ քաղաքացիական ու քաղաքական իշխանութիւնները խօսելու ու աշխատելու միասին, ի նպաստ ընկերութեան հասարակաց բարիքին ու յատկապէս ի նպաստ աւելիով դիւրաբեկներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ