Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ որ ինք եւս կը սիրէ երկաթէ գնդակի խաղը, որովհետեւ աղքատ խաղ է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց երկաթէ գնդակի խաղի Իտալական դաշնութեան ներկայացուցիչները ու անոնց փոխանցած սիրտի խօսքին սկիզբը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ու խոտովանեցաւ թէ ինք եւս շատ կը սիրէ երկաթէ գնդակի խաղը երկու պատճառներու համար, նախ որովհետեւ «աղքատ» մարզանք մըն է ՝համեմատուած միլիար տոլարներով պայմանագիր ունեցող «աստղերու» հետ, որոնք միշտ կը լեցնեն լրատուամիջոցները, իսկ երկրորդ պատճառը այն է, որ երկաթէ գնդակի խաղը մարզանք մըն է, որ «ես կը կապեմ որոշակի տեսակի ընկերային բարեկամութեան ու ընկերութեան հետ», ըսաւ Սրբազան հայրը մատնանշելով որ
այս խաղը միասին ըլլալու ձեւ մըն է, ընկերութեան մէջ անցնելու, ուրախ, զուարթ եւ հանդարտ խաղաղ մըն է ։
«Ցաւոք սիրտի» ընկերութիւնը փոխուեցաւ, այսպէս եւս երկաթէ գնդակի խաղը. կը խաղաղան նաեւ կանայք, երիտասարդները, կը կիրառեն նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը եւ ես ձեզ կը շնորհաւորեմ այս ամէն բանին համար» ըսաւ Քահանայապետը ու պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ