Ֆրանչիսկոս Պապ. Հիւանդները կրկին կեդրոն դնել, որ յաճախ անտեսուած են յանուն արդիւնաւէտութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 14 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց արեան հիւանդութեան դէմ պայքարող «AIL» անուան ընկերակցութեան անդամները՝ հիմնադրութեան 55-րդ ամեակի առթիւ։
Արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպումին ներկայ գտնուողներուն բարձր թիւին համար ինչպէս նաեւ գոհութիւն յայտնեց արիւնի հիւանդութեան ծիրէն ներս, որոնումները փնտռելու գործին մէջ ֆինանսական ներդրումին եւ հիւանդները ու անոնց ընտանիքները հիւրընկալելու աշխատանքին համար։
«Ձեր համերաշխութեան զօրակցութիւնը հիմնարար է ընկերային շրջանակին մէջ, որ յաճախ բնութագրուած է անհատականութեամբ», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա ներկաներուն հետ կիսեց ընկերակցութեան աշխատանքին օգտակար հանդիսացող երեք բառեր.
Լուսաւորել
Նորին Սրբութիւնը յարեց, թէ լուսաւորել բառը առնուած է ընկերակցութեան կարգախօսէն, միասին լուսաւորենք ապագայ։ Հիւանդութիւնը կրնայ մենակութիւն եւ ցաւ բերել, սակայն հիմնարար է կեդրոն դնել անձը ու անոր յարաբերութիւնները, իմաստ տալու համար անոնց ցաւին։ «Նաեւ ամենէն խաւար պահերու մէջ յոյսը կարելի է շնորհիւ լոյսով, որ կը փոխանցուի բարեկամութեամբ եւ ունկնդրութեամբ։
Նուէր
Անդրադառնալով պարգեւի իմաստին մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Բարերարները անոնք են որոնք լոյս կը բերեն եւ կը հակազդեն աւելորդաց մշակոյթին։ Ամէն մէկ նուիրելու գործութիւնը կը վերացնէ սպառողականութիւնը եւ կը յիշեցնէ սիրոյ կարեւորութիւնը որ իր առաւելագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Աստուծոյ եւ Յիսուսի մէջ։ Մօտենալով Սուրբ Ծնունդին, յիշենք Մանուկին պարգեւը որ մեզի յոյս եւ քաջութիւն կը շնորհէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Հրապարակ
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ յիշեալ ընկերակցութեան անդամները իրենց հրապարակի վրայ ներկայութիւնը կը խորհրդանշէ սեփական շահերու մէջ փակուած չմնալը այլ կը յատկանշէ տեսանելի եւ շօշափելի ներկայութիւն ըլլալը, միացնելով անձերը ու կիսելով ցաւերը։
Դուրք կամուրջ էք գիտական որոնումներուն եւ դարմանումի մէջ գտնուող անձերու միջեւ ՝ նպաստելով խնամքի յոյսեր եւ նորացուած դարմանումներ կառուցելու. Ըսաւ Քահանայապետը ապա պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց պարգեւած սիրոյ եւ յոյսին համար քաջալերելով զանոնք նուիրուածութեան շարունակելու իրենց աշխատանքները ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ