Ֆրանչիսկոս Պապ. Իւրաքանչիւր մարդ արարած եզակի է ու անոր արժանապատուութիւնը անձեռնմխելի է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «ResQ - People Saving People» բարեգործական կազմակերպութիւնէն կազմուած պատուիրակութեան անդամները ու անոնց փոխանցած պատգամը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով գաղթականներուն թիկունք կանգնելուն համար՝ միջերկրական ծովուն միջոցաւ ։
Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով խորտակուած նաւակներով միջերկրական ծովուն միջոցաւ Եւրոպա հասած գաղթականներու մասին նշեց, որ «Խեղճուկ նաւակներով վտանգի ենթարկուողներուն փրկութիւնը անհրաժեշտ աշխատանք է քան երբեւէ» ու Հարկադիր գաղթականներուն ողբերգութեան դէմ, ուրիշ տեղ չնայիլը վերաբերմունքն մըն է, որուն մէջ կը տիրէ այն համոզումը որ իւրաքանչիւր մարդ արարած եզակի է ու անոր արժանապատուութիւնը անձեռնմխելի է՝ անկախ անոր ազգութենէն, մորթի գոյնէն, քաղաքական կարծիքէն կամ կրօնէն։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ գաղթականութեան երեւոյթին դէմ քաղաքացիական իշխանութիւնները ոչ միշտ կը կարենան լիուլի կատարել իրենց պատասխանատուութիւնը ու ողջունեց բոլոր անոնց գործողութիւնները որոնք չեն սահմանափակուիր գաղթականներուն նայելով, հեռուէն քննադատելով այլ կը ներգրաւուին իրենց ժամանակն ու ուժը տրամադրելով գաղթականները ընդունելու, փրկելու եւ ամոքելու համար։
«Գաղթականը պէտք է ընդունուած, ուղեկցուած, առաջնորդուած ըլլայ։ Այս վեհանձնութիւնը ներդաշնակ է Աւետարանին հետ ու կը հրաւիրէ բարիք ընել բոլորին մասնաւորապէս վերջիններուն, աղքատներուն, լքուածներուն, հիւանդներու եւ վտանգի մէջ գտնուողներուն», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ