Որոնել

Սիվիլիայ մէջ համագումար Սիվիլիայ մէջ համագումար 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ժողովրդական բարեպաշտութիւն եւ զօրակցութիւն, նոյն սէրը որ կու գայ Քրիստոսէն

Սիվիլիայի մէջ գումարուած «Եղբայրութիւններ եւ ժողովրդական բարեպաշտութիւն», նիւթով համագումարի մասնակիցներուն յղած ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան կեանքին մէջ ժողովրդական բարեպաշտութեան եւ եղբայրութեան կարեւորութիւնը, ապա հրաւիրեց մտածելու եղբայրսիրութեան եւ սիրոյ մասին՝ փոխանցելով Քրիստոսը, զօրակցելով կարիքաւոր եղբայրներուն զօրակցելով, յիշելով բարի Հովիւի օրինակը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց Սիվիլիայի մէջ գումարուած «Եղբայրութիւններ եւ ժողովրդական բարեպաշտութիւն», նիւթով համագումարի մասնակիցներուն։ Ուղերձին մէջ մեկնաբանելով Սան Մանուէլ Կոնզալէզի հատուածը, որ համագումարին կեդրոնական նիւթն է Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց, որ կեանքը ուխտագնացութիւն մըն է, որ կը սկսի եւ վերջ կը գտնէ Քրիստոսի եւ Ժողովուրդին մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ այս ուղեւորութիւնը չվերաբերիր միայն ջերմեռանդութեան այլ կը հայի ընկերային յանձնառութեան եւ Աստուծոյ քնքշութիւնը տառապողին մօտեցնելու կարեւորութեան ու շեշտելով որ Քրիստոսէ ստացած սէրը պէտք է, որ փոխանցենք ժողովուրդին եւ Աստուծոյ՝ շարունակական փոխանակումին մէջ։

Համագումարին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձ կարդալէ ետք ելոյթ ունեցաւ Արք Էտկար Փենա Փառա, որուն մէջ անդրադառնալով համագումարին նիւթին «Քալել յոյսի մէջ» ընդգծեց որ ժամանակակից ճգնաժամերուն եւ փոփոխութիւններուն մէջ «եկեղեցին մասնաւորապէս կարիքը ունի» եղբայրասիրութեան եւ ժողովրդական բարեպաշտութեան»՝ Աւետարանի եղբայրասիրութեան լուրը տանելու համար բոլորին, ընթանալով նոր եւ հին ուղիներուն վրայէն։

Արք Փառա ելոյթին մէջ հրաւիրեց եղբայրակցութեան անդամները մօտիկ կանգնելու դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն յիշելով Յիսուսի կարեկցութիւնը, յորդորեց նաեւ փոխանցել սէր, հասկացողութիւն մասնաւորապէս բոլոր անոնց որոնք հաւատքի եւ առօրեայ կեանքին մէջ կը դիմագրաւեն ճգնաժամային մարտահրաւէրներ։

Համագումարին աւարտին երեկոյեան Գերապայծառ Փենա Փառա համագումարին առաջին օրը աւարտեց մատուցանելով Սուրբ Պատարագ Սիվիլիայի մայր տաճարին մէջ։ Քարոզին ընթացքին արքեպիսկոպոսը հրաւիրեց եղբայրակցութեան բոլոր անդամները դառնալու Յիսուսի նման կարեկից ու կոչ ուղղեց ունենալու մեծ սէր ընտանիքներուն, ժողովուրդներու վերաբերեալ, որոնք կարիքը ունին փոխ ըմբռնման, սիրոյ եւ ներումի։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2024, 10:36