Ֆրանչիսկոս Պապ. Եղբայրական կեանքը ոչ միայն տարածքներու եւ ծառայութիւններուն բաժանում է այլ լիովին նուիրուիլ է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 5 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սասսիայի մէջ Սուրբ Հոգիին Քանոնիսսէ» անուան միաբանութեան եւ երանելի Կուտօ Մոնփէլիէյի խարիզմին կապուած այլ հասարակութիւններու անդամները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց ներկաները ապա յիշեց կանոնագիրքին մէջ նշուած միաբանութեան նպատակը, որ պատրաստած է Երանելի Կուիտոն նշեց, որ միաբանութեան գլխաւոր ծրագիրն է նուիրուիլ նախ եւ առաջ աղքատներուն հոգատարութեան եւ ծառայութեան։
«Նախագիծ մը, որ համահունչ է այն բարեփոխման, որ Իննոչենցօ Գ Պապը նախաձեռնեց կրօնական կեանքին մէջ, որ յետագային բիւրեղացաւ նաեւ թափառողներուն, մուրացկաններուն նուիրուած միաբանութիւններուն կանոնագիրքին մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց միաբանութեան կանոնագիրքին կարեւոր կէտերուն վրայ նշելով
«Ձեր կանոնագիրքին մէջ աղքատութեան ուխտը արտայայտուած է որոշակի ձեւով, որ է ապրիլ առանց սեփական որեւէ բանի։ Այս արտայայտութիւնը չնշանակեր պարզապէս խիստ ու սթափ կեանք մը, այլ կը նշանակէ հասկնալ որ բոլորս հիւրեր ենք «Երրորդութեան» միաբանութեան, կիսելով աղքատներուն նուիրուած ծառայութիւնը։
Եղբայրական կեանքը աւելի շատ է քան տարածութիւնները, պարտականութիւնները եւ ծառայութիւնները կիսելը, դա մեր կեանքը ամբողջականօրէն՝ եղբօրը մէջ Աստուծոյ նուիրել է առանց վերապահումներուն, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ դէպի Աստուած ճամբորդութիւնը կը սկսի փոքրիկներուն ծառայելով ու ընդունելով աղքատները փոխանցելով անոնց եղբայրսիրութեան մխիթարութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց Հայցելով բոլորին վրայ Աստուածամօր հովանին ապա շնորհեց Իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ